Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ֆետերասիոնը` «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ը, հրապարակեց 2023-2024 տարեշրջանի ախոյեանութեան յայտագիրը, որուն մեկնարկը պիտի տրուի 24 հոկտեմբերին:
Ախոյեանութեան բացման օրը տեղի պիտի ունենան երկու հանդիպումներ:
Ախոյեան Տենվըր Նակեթց պիտի մրցի Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ, իսկ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` Ֆէոնիքս Սանզի դէմ:
Մինչեւ փլէյ օֆի մրցումներուն սկսիլը, խումբերը պիտի կատարեն 82-ական մրցում:


