Նափոլիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացած Լուչիանօ Սփալեթթի նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ 64 տարեկան մասնագէտը իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 սեպտեմբերին:
Այսպիսով, ան պիտի փոխարինէ 2018-ին Իտալիոյ մարզիչ նշանակուած եւ նախորդ շաբաթ իր հրաժարականը ներկայացուցած Ռոպերթօ Մանչինիին:


