Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած օրէնսդրական նիստը առկախուեցաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Խորհրդարան ներկայացան միայն 53 երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնէին Ազատագրում եւ բարգաւաճում, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան, Ժողովրդավարական հանդիպում, Ազգային չափաւորականութեան պլոքները, ինչպէս նաեւ անկախ երեսփոխաններ:
Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին Հզօր Լիբանան եւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումները, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան երեսփոխաններ:
Խորհրդարանին մէջ նիստին համար ճշդուած ժամէն կէս ժամ անց խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ ներկայ երեսփոխաններուն թիւը հասած է 53-ի` աւելցնելով, որ օրէնսդրական նիստի գումարումին համար կարիքը կար 65 երեսփոխանի ներկայութեան:
Նիստին առկախումէն ետք երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ցուցաբերուած այս կեցուածքը կը փաստէ, թէ կարգ մը ուժեր երկիրը կը մղեն յաւելեալ փլուզումի եւ քանդումի:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ հաստատեց, որ իրենք համաձայն են միայն անհրաժեշտ օրինագիծերու վաւերացումին:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ ինք խորհրդարան եկած է տեսնելու համար, որ թէ այս նախագահական ընտրութեան նիստի մը վերածելու կարելիութիւնը կա՞յ:
Ան հաստատեց, որ երկրին մէջ իշխանութիւններուն հաւասարակշռութիւնը եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները հարուածելու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի:
Իր կարգին, երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ իրենք միշտ պիտի ջանան պայքարիլ սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքը անդամալուծելու քայլերուն դէմ:
Պըրրի–Միքաթի Հանդիպում
Պըրրի խորհրդարան հասնելէ ետք անմիջապէս հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի զարմանք յայտնեց, որ կարգ մը երեսփոխաններ կը յայտարարեն, թէ իրենք միայն անհրաժեշտ օրինագիծերու օրէնսդրութեան համար ուղղուած են խորհրդարան` աւելցնելով, որ խորհրդարանի քննարկելիք օրակարգին վրայ գտնուած կէտերը շատ կարեւոր են:
Միքաթի ըսաւ, որ Լիբանանի նման տնտեսական տագնապներ դիմագրաւած այլ երկիրներու մէջ խորհրդարանները մնայուն կերպով ժողովներ գումարելու ընթացքին մէջ էին` աւելցնելով, որ եռօրեայ դրութեամբ ժողովներէ ետք կը վաւերացնէին այնպիսի օրէնքներ, որոնք կը նպաստէին տագնապին լուծման, որուն ի վերջոյ յանգեցան:
«Իսկ Լիբանանի մէջ չորս տարիէ ի վեր «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի մասին կը խօսինք եւ տակաւին այդ մէկը քննարկելու առիթ չունեցանք», ըսաւ ան:
Միքաթի ընդգծեց, որ խորհրդարանին մէջ կան շարք մը օրինագիծեր, որոնք միասնաբար եւ իբրեւ ծրար պէտք է վաւերացուին` երկրին մէջ տնտեսական կայունութիւն հաստատելու նպատակով:
«Մենք կը գտնուինք շատ դժուար փուլի մը մէջ, մեր տնտեսութիւնը սկսած է վերածուիլ ելեւմտական տնտեսութեան մը, որ Լիբանանը բազմաթիւ վտանգներու դէմ յանդիման պիտի զետեղէ, եթէ դրամատնային վերադասաւորման եւ վերակազմաւորման օրէնքներ չվաւերացուին: Պէտք է երկրին դրամատնային կեանքը բնականոնացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերել, այլապէս մենք մուտք պիտի գործենք տագնապի հսկայ շարքի մը մէջ, եւ կացութիւնը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ: Եթէ լուծման չյանգինք, ապա իւրաքանչիւրը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:
ՆՇԵՆՔ, որ հարցարզրոյցի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք կատարեալ կերպով հանգիստ կը զգայ թիւ 9 նաւթահորէն նաւթ ու կազ հորատելու աշխատանքը սկսելու իմաստով:
Ան նշեց, որ թիւ 9 նաւթահորին մէջ գոյութիւն ունեցող բնական հարստութեան ծաւալին մասին յոյսերը շատ բարձր են եւ Լիբանանին հսկայական առիթներ կը շնորհեն:
«Եթէ հորատումի աշխատանքները ցոյց տան մեր ակնկալութիւնները, ապա Լիբանանի կողմէ այդ նաւթէն ու կազէն օգտուելու կարելիութիւնը մեծ է ու հաստատ, նոյնիսկ եթէ Լիբանան ուշացած է կատարելու այդ աշխատանքը: Կարեւորը այն է, որ ի վերջոյ Լիբանան կարենայ բնական իր հարստութիւններէն օգտուիլ», շեշտեց Պըրրի:


