Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Շապապ էլ եաում» յայտագիրին հիւրը:
Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ իրերայաջորդ սերունդներուն միջեւ տարբերութիւններուն` ընդգծելով, որ անիկա բնական է եւ եթէ այդպէս չըլլայ, ապա զարգացում չ՛ըլլար:
Յ. Բագրատունի ակնարկեց նաեւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայութեան որդեգրած դրական չէզոքութեան կեցուածքին` հաստատելով, որ հայրենիք կորսնցուցած հայը լաւ գիտէր հայրենիքին արժէքը, հետեւաբար կառչած կը մնար լիբանանեան հողին:
Այսօրուան երիտասարդներուն կողմէ կուսակցութիւններէն հեռանալու իրականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա որդեգրուած միջազգային ծրագիր մըն է, որ կը միտի երիտասարդները մղել, որ կեդրոնանան իրենց անձերուն վրայ:
Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ անցեալի եւ ներկայի դրութեամբ արժէքներու չափանիշներուն:
Ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` չյուսալքուելու:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք պիտի մնայ ՀՅ Դաշնակցութեան ծառայութեան ուղիին վրայ:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք յաջորդիւ:


