Հաւայեան արշիպեղակոսի Մաուի կղզիին վրայ բռնկած անտառային հրդեհներու զոհերուն թիւը հասած է 106-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Մաուի կղզիի իշխանութիւններուն:
Հաւայեան Մաուի եւ Մեծ կղզիներուն վրայ հրդեհները սկսած են չոր եւ տաք եղանակին պատճառով եւ սաստկացած «Տորա» փոթորիկին բերած ուժեղ քամիին հետեւանքով: Հրդեհը ոչնչացուցած է քանի մը բնակավայր, ներառեալ յայտնի զբօսաշրջական ու պատմական քաղաք Լահայնան:


