Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Էդիկ Յարութիւնեան Հայաստանին ապահովեց առաջին մետալը:
57 քկ դասակարգի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշը 8-4 արդիւնքով յաղթելով ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ռուսլան Ապտուլայեւին, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Յարութիւնեան թէեւ պարտուած էր քառորդ աւարտականի մրցումներուն, սակայն կարելիութիւն ունեցած էր պայքարիլ պրոնզ մետալի մենամարտին` նկատի ունենալով, որ ամերիկացի Լիւք Լիլենտալ ապահոված էր աւարտականի իր տոմսը:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Կնեազ Իբոյեան (92 քկ), որ կիսաւարտականին 10-0 արդիւնքով պարտուեցաւ իրանցի իր մրցակիցէն, այժմ պիտի պայքարի պրոնզ մետալին համար:
Նախքան իր այս պարտութիւնը կրելը, ան 3-2 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի Ռաւան Մասայեւին, ապա քառորդ աւարտականին 6-3 արդիւնքով իր թուրք մրցակիցին` Մոհամետ Կիմրիին:


