Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան` Փիւնիկ Երեւանի եւ նորվեկիական Պոտօ Կլիմթի միջեւ մրցումը, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 17 օգոստոսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ:
Մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ Հելկի Միքայէլ Եոնասըն (Իսլանտա), մինչ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը երթին, մրցակիցի դաշտին վրայ կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:


