Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աղջկանց Մոնտիալը կը մօտենայ իր աւարտին:
Երէկ, կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Անգլիա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Աւստրալիոյ:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 20 օգոստոսին, Անգլիա պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ, որ կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց Շուէտի դէմ, 2-1 արդիւնքով:


