ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութը` 30.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 22.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1.776.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.814.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.635.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 889.000 լ. ոսկի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան մուտք գործած են 109 սուրիացի տեղահանուածներ, որոնք Կիպրոսէն եկած են: «Հակառակ անոր որ կառավարութիւնը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը անհամաձայն են, սակայն անոնք մուտք գործած են Լիբանան, հետեւաբար կարելի՞ է արդեօք իմանալ, թէ ո՞վ արտօնած է անոնց մուտքը Լիբանան», հարց տուաւ ան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ ոչ ոք կը ցանկայ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել: Խորհուրդը բարձր գնահատեց եւ ողջունեց տեղեկատուական հաստատութիւնները, որոնք պետականութիւնը վերահաստատելու հիմնասիւներն են:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ համախմբումը պիտի գումարէ նիստ մը` յստակ եւ վերջնական կերպով որոշելու համար այսօրուան օրէնսդրական նիստին իր մասնակցութիւնը: Միւս կողմէ, ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ կը միտին դիւրացնել նախագահական ընտրութեան թեկնածուի անուան շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը` վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան եւ պետականաշինութեան նպաստող օրէնքներու վաւերացման փոխարէն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ խորհրդարանի այսօրուան օրէնսդրական նիստին` աւելցնելով նաեւ, որ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք երկխօսութիւնը իր կարգին անիմաստ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք էին եւ կը շարունակեն մնալ ազգային երկխօսութեան, համերաշխութեան եւ համագործակցութեան քաջալեր տարրեր, մինչ ուրիշներ արտաքին աշխարհէն հրահանգներու կը սպասեն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Լիբանանը կը մորթուի, իսկ լիբանանցիները արիւնաքամ կը դառնան: Սայեղ ընդգծեց, որ իրենք կը փափաքին, որ իրենց ընդդիմութիւնը ազգային ըլլայ եւ ոչ թէ զինուորական կամ համայնքային ու յարանուանական:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարէն յստակացումներու կը սպասեն` Այն Իպըլի ոճիրին հարցով:


