Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին` «Լիկ-1»-ին:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, նոր տարեշրջանը սկսաւ հաւասարութեամբ` իր հիւրին` Լորիանի հետ:
Մայրաքաղաքի կազմէն կը բացակայէին ֆրանսացի ռմբաձիգ Քիլիան Էմպափէ եւ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար:
Նշենք, որ այս մրցումը Սեն Ժերմենի նոր նշանակուած մարզիչ Լուիս Էնրիքէի համար առաջին պաշտօնական մրցումն էր:
Մարսէյ, որ հիւրընկալեց Ռեմսը, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, 2-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ազզետտին Ունահի (22-րդ) եւ Վիթոր Քարվալիօ (73-րդ):
Նոր տարեշրջանը յաղթանակով սկսան նաեւ Ռենն, Մոնաքօ, Պրեսթ, Թուլուզ եւ Սթրազպուրկ:


