Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
26 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մինչեւ 30 յունիս 2028 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆրանսական մայրաքաղաքի կազմին հետ, պիտի կրէ թիւ 28 մարզաշապիկը:
Նշենք, որ ան 2017-ին Պորուսիա Տորթմունտէն միացաւ Պարսելոնայի` փոխան 135 միլիոն եւրոյի, մինչ անոր ստորագրութիւնը ունենալու համար ֆրանսական ակումբը Պարսելոնային վճարեց 50 միլիոն եւրօ:


