Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Վերաբերեալ Նամակներ` Միջազգային Կառոյցներուն

August 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» դաշինքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Սէյրան Օհանեան խմբակցութեան անունով նամակներ ուղարկած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի, ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի, ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովի, Միջխորհրդարանական միութեան նախագահներուն, Եւրանեսթի համանախագահներուն` ներկայացնելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպան վարչակարգին կողմէ պետական ահաբեկչութեան հետեւանքով ստեղծուած օրհասական իրավիճակը. ուշաթափութիւններ ժամեր տեւող հացի հերթերուն մէջ, թերսնման պատճառով յղիութեան արհեստական ընդհատումներու շեշտակի աճը եւ այլն:

Սէյրան Օհանեան նաեւ ներկայացուցած է Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի փորձագիտական եզրակացութիւնն այն մասին, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները Բերձորի միջանցքին մէջ ցեղասպանութիւն են: (Առանձին շնորհակալական նամակ հասցէագրուած է նաեւ Լուիս Օքամփոյին` նման առարկայական եզրակացութեան համար):

«Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղային զտման ցեղասպան քաղաքականութիւնը կ՛ապացուցէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը որեւէ ձեւով չի կրնար երաշխաւորուիլ, եթէ Ազրպէյճանը իր իշխանութիւնը հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ», նշուած է Սէյրան Օհանեանի նամակին մէջ:

Ան նաեւ կոչ ուղղած է ճնշում բանեցնելու Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս անմիջապէս վերացնէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը եւ վերադառնայ ԵԱՀԿ-ի կողմէ մշակուած սկզբունքներուն հիման վրայ արցախեան տագնապի քաղաքական լուծման բանակցութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանական վեհաժողովներու ղեկավարներուն «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը նամակներ ուղարկած է նաեւ, երբ ապօրինաբար առեւանգուած էր Վագիֆ Խաչատրեանը:

Իրենց գործընկերներուն նոյնաբովանդակ նամակներ ուղարկած են «Հայաստան» խմբակցութեան այլ պատգամաւորներ եւս:

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ապրող Հայերը Չունին Ձայն Եւ Քաղաքական Ներկայացուածութիւն. Դուք Կրնաք Անոնց Օգնել» Կ՛ըսէ Օքամփօ

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեանը Եւ Խորհրդարանի Պատգամաւորները Ստեփանակերտի Մայր Տաճարին Մէջ Մասնակցեցան Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Պատարագին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.