Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2023 տարուան ախոյեան հանդիսացաւ Ահլի Սայտա, որ աւարտական հանգրուանի բաւական հետաքրքրական ճակատումին ընթացքին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ղազիր Ռիատին:
Նախորդ տարի ախոյեան հանդիսացած Ղազիր Ռիատիի ետին երրորդ դիրքը գրաւեց լիբանանեան բանակի հաւաքականը, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Պէյրութը:
11-րդ դիրքի մրցումին ՀՄԸՄ Ճիւնի, որ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շարթիէ Տար Նուրէն, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Բ. դասակարգ փոխադրուեցաւ նաեւ Ռիատի Պէյրութ, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը չբերաւ:


