Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տորայի Շրջանին Մէջ Շէնքի Մը Առաջնամասը Փուլ Եկաւ` Պատճառելով Նիւթական Վնասներ

March 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:20-ին Պուրճ Համուտի անդորրը խզուեցաւ, երբ Տորա շրջանի «Պիկ Սէյլ» վաճառատան մօտակայքը գտնուող շէնքի մը առաջնամասը փուլ եկաւ` նկատի ունենալով, որ ճարտարապետը քանդած էր շէնքին հիմը եւ այդ մասը կանգուն պահած միայն իր երկաթներուն վրայ:

Հարկ է նշել, որ փուլ եկած առաջնամասին պատկանող կառոյցը երկար ատենէ ի վեր արդէն անբնակելի էր: Այդ կառոյցը կը պատկանի Հրաչ Գասարճեանի:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու Կարմիր խաչը, որոնք անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը, հաստատեցին, որ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Հետեւաբար հարկ է նշել, որ արկածը պատճառած է միայն նիւթական վնասներ, որոնք հիմնականին մէջ եղած են փուլ եկած շէնքի առաջնամասին տակ կեցած երկու ինքնաշարժներ:

Փուլ եկած կառոյցին մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը պատասխանատու չէ այդ դէպքին, որովհետեւ շէնքին սեփականատէրն ու ճարտարապետը  քաղաքապետարանէն արտօնագիր ստացած են` վերանորոգելու համար այդ կառոյցը:

Անդրադառնալով այդ շէնքին մասին շրջակայ շէնքերու բնակիչներուն ներկայացուցած բողոքներուն` Ա. Մսըրլեան շեշտեց, որ այդ բողոքները ամիսէ մը ի վեր առկայ են ու այլ հարցի կը վերաբերին եւ ոչ մէկ կապ ունին փուլ եկած առաջնամասին հետ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ճարտարապետական բաժանմունքի պետ Արփի Մանկասարեան յայտնեց, որ շրջանին բնակիչները գանգատած են փուլ եկած շէնքին կից գտնուող կառոյցին վրայ նկատուած ճեղքերուն գծով: Ան աւելցուց, որ քաղաքապետարանի ճարտարապետական բաժանմունքի անձնակազմը ստուգած է այդ բողոքին դրդապատճառը եւ  10 օրէ ի վեր արդէն զգուշացուցած շէնքին սեփականատէրը:

Ա. Մանկասարեան ճարտարապետը պատասխանատու նկատեց այդ արկածին:

Նախորդը

Պըրրի Բարի Գալուստ Մաղթեց Ռայի Պատրիարքին

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Բանակին Որդեգրած Միջոցառումները

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։