
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը օր մը օրանց իր դռները չէ փակած վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան դիմաց` աւելցնելով, որ օրին Եւրոպական Միութիւնը հաստատած է, որ իր հակազդեցութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքներէն եւ առնելիք քայլերէն, յատկապէս` ինչ կը վերաբերէր Լիբանանի միջազգային յանձնառութիւններուն վերաբերող պատասխանատուութեան:
Այս շրջագիծին մէջ, Էխհորեսթ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր է բացայայտել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներուն պատասխանատուները: Ան աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները լաւ եւ հեզասահ են լիբանանեան բոլոր կուսակցութիւններուն, ներառեալ` Հըզպալլայի հետ:
Անդրադառնալով սուրիական իրավիճակին` Էխհորեսթ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած մօտեցումը օժանդակած է անոր իր հաւասարակշռութիւնը պահելու, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:
Էխհորեսթ դրուատեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու առումով:


