Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի անուան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Ա. Սէ. Միլան, որ փենալթիներով` 6-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնցան. մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Պերլուսքոնի, որ Ա. Սէ. Միլանի նախկին նախագահն էր, իսկ վերջին տարիներուն` Մոնցայի նախագահը, մահացած էր 12 յուլիսին, 86 տարեկան հասակին:
Նշենք, որ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի անուան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը ստեղծուած էր Ա. Սէ. Միլանի եւ Մոնցայի կողմէ:


