Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի անցեալի անուանի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա պայմանագրութիւն մը կնքեց Էմիրէյթցի հետ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն տարիով մը երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Այժմ 39 տարեկան Ինիեսթա, որ Պարսելոնային մաս կազմած է 2002-2018 ժամանակամիջոցին, 2018-էն 2023 ճափոնական Վիսել Քոպէին մաս կազմելէ ետք այս ամառ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացաւ անկէ:


