Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուրիկ Սուրուզեան (Ի.) Ինչպէ՞ս Եղաւ Եւ Ի՞նչը Չեղաւ…

August 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Գահիրէ, 1988, փետրուար

Սիրելի՛ ընթերցող,

Հուրիկը աշխատանքի պահուն

Անհամբեր էի Հուրիկին հանդիպելու: Շաքէն (Մխճեան), որ կապ հաստատած էր  «Յուսաբեր» ակումբի վարչութեան եւ իմ միջեւ, (որոնք հրաւիրած էին զիս շարք մը դասախօսութիւններ տալու), իրեն հետ բերած էր նաեւ Գահիրէի պատմական թանգարանի պատկերագիրքը, որուն գլխաւոր հեղինակը Հուրիկ Սուրուզեանն էր: Ես ալ իմ հեղինակութեամբ «Փոլ Կիրակոսեան» նոր լոյս տեսած պատկերագիրքը ղրկած էի անոր: Հուրիկը ցանկութիւն յայտնած էր, որ ինք դիմաւորէ զիս, որուն համար շոյուած կը զգայի: Ես խուսափած էի Հուրիկի տարիքին կամ արտաքինին մասին հետաքրքրուելէ… Կը պատկերացնէի, որ Շաքէի նման ներկայանալի տիկնոջ մը պիտի հանդիպիմ: Սակայն երբ օդակայանէն դուրս ելայ, ամբոխին մէջէն գեղեցիկ պարմանուհի մը ձեռքով նշան կ՛ընէր… Հակառակ անոր որ զիրար ճանչնալու ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանակած էինք իրարու, ես վստահ էի, որ ի՛նքն է… մօտեցայ… ջերմաբար ողջագուրուեցանք եւ առանց հարցնելու, թէ ես Մովսէսն եմ, թէ ոչ, թեւս մտաւ ու առաջնորդեց դէպի իր ինքնաշարժը: Կարծես թէ հինէն կը ճանչնայինք զիրար: Ճանապարհին, զրոյցի ընթացքին «փոքր միջադէպ մը» պատահեցաւ, բայց որովհետեւ խիստ անձնականի է կապուած` իր Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջանի աշակերտական յուշերու հետ, առայժմ կը շրջանցեմ… Իսկ թէ ինչպէ՛ս «Յուսաբեր» ակումբ հասանք, ուր հանդիպեցանք նաեւ ազգային բարերար Աւետիս Չաքճեանին, ազգային գործիչ տոքթ. Սուրէն Պայրամեանին, որ իր հերթին ծանօթացուց զիս մշակոյթի պատասխանատուներէն տոքթ. Գէորգ Մազլումեանին… այլ առիթով այս բաժինը պատմած էմ արդէն:

Պանդոկի փոխարէն` նախընտրած էի մնալ ասպնջական Յովակիմեաններուն բնակարանը, որ թէ՛ յարմարաւէտ էր եւ թէ՛ թանգարանի մը բնոյթը  ունէր: Արուեստի գործերու բուն հաւաքորդն ու «մասնագէտը» Պերճն էր` Շաքէին ամուսինը, արուեստասէր, բանիմաց ու վեհանձն անձնաւորութիւն մը, որ կը ջանար ամէն կերպ գոհ ձգել զիս: Սակայն որովհետեւ գործի բերումով չէր կրնար միշտ ընկերանալ ինծի, այդ բացը կը լրացնէր իր շնորհալի դուստրը` Գարոլինը, որ, հակառակ տարիքով փոքր ըլլալուն (նոր աւարտած էր Նուպարեան ազգային վարժարանը), զարմանալիօրէն լաւատեղեակ էր Գահիրէի միջնադարեան մշակոյթին ու պատմութեան, յատկապէս գիտէր թէ ո՛ւր, ո՛ր մէկ թանգարանին մէջ, ղպտիական ո՛ր եկեղեցիէն եւ կամ ո՛ր մէկ մզկիթի հիմքերուն կամ շրջակայքը հայկական հետքեր կան: Ան ամենայն խիզախութեամբ տարաւ զիս նաեւ վտանգալից սելճուքեան դամբարանադաշտը,  ուր հնատիպ գերեզմաններուն մէջ  եւ արանքներուն հազարաւոր մարդիկ կ՛ապրէին: Այս մասին եւս ատենին գրած եմ:

Հուրիկը իմ տուած չորս դասախօսութիւններուն ալ ներկայ եղաւ: Իր դիպուկ հարցումներով ցոյց կու տար, որ թէ՛ կը հասկնայ եւ թէ՛ լուրջ հետաքրքրութիւն ունի հայ մշակոյթի հանդէպ: Առանձնապէս տպաւորուած էր Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնով, այնքան, որ նոյնի՛սկ ցանկութիւն յայտնեց անգամ մը եւս դիտել զայն առանձինն… իր բնակարանը: Իսկ ես հետաքրքրուած էի թէ՛ հին եգիպտական արուեստով եւ թէ՛… իր ուշիմութեամբ: Առաջին դասախօսութենէն ետք (Արշիլ Կորքիի մասին), երբ նստած կը զրուցէինք, հարցուց.

Հուրիկի հեղինակած Գահիրէի թանգարանի պատկերագիրքի շնորհահանդեսի առիթով։ Ձախէն աջ՝ հրատարակիչը՝ Ֆոն Զապերն, Հուրիկ Սուրուզեան, Թանգարանի տնօրէն՝ Մուհամմետ Սալեհ եւ լուսանկարիչը՝ Եորկըն Լի

– Ծրագրա՞ծ ես, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի տեսնես եւ ուսումնասիրես փարաւոնական մշակոյթը, մէկը ունի՞ս, որ ընկերանայ քեզի:

– Կը մտածեմ նախ թանգարանը այցելել: Հաւանաբար Պերճը կամ Գարոլինը պիտի տանին զիս:

– Քու պարագայիդ պէտք է, որ ես ընկերանամ քեզի, որովհետեւ դուն արուեստաբան ես, եւ եթէ լաւապէս չուսումնասիրես հնագոյն մշակոյթները, յատկապէս` եգիպտականը, չես կրնար ճշգրտօրէն ըմբռնել, վերլուծել ու մեկնաբանել ժամանակակից արուեստը:

Իմ արուեստասէ՛ր ընթերցող,

Նման համարձակ միտք առաջին անգամն էր, որ կը լսէի: Երբ աչքերուն նայեցայ գոհունակութեամբ, ան շարունակեց.

– Ես պատրաստ եմ հետդ գալու, սակայն նկատի պիտի առնես, որ ամէն օր հազիւ բաժին մը միայն  կրնանք աւարտել:

Այդպէս ալ ըրինք: Յաջորդող օրերուն Հուրիկը աշակերտի պէս տարաւ զիս թանգարան ու բաժին առ բաժին ներկայացուց ու բացատրեց ցուցանմուշները` պատմամշակութային հսկայական աշխարհներ բանալով դիմացս: Հիացած էի Հուրիկին բանիմացութեամբ  ու տպաւորուած` իր ջերմ վերաբերմունքով ու նաեւ… գիտցածը փոխանցելու անվերապահ պատրաստակամութեամբ:

Գահիրէ ժամանումէս մօտ երկու շաբաթ ետք

Երբ արդէն դասախօսական պարտաւորութիւններս աւարտած էի, որոշեցի մեկնիլ հնավայրեր: Մինչ այդ Հուրիկին առաջնորդութեամբ, թանգարանէն բացի, այցելած էի նաեւ Սագգարայի եւ Կիզայի բուրգերը ու հասած՛ մինչեւ իսկ մեծ բուրգի «Թաղման սենեակը»: Անհամբեր էի տեղւոյն վրայ շարունակելու ուսումնասիրութիւններս:

Իմ մշակութասէ՛ր ընթերցող,

Ոչ միայն սկսած էի սիրել, այլ նաեւ ուղղակի կլանուած էի հին եգիպտական մշակոյթով…  շնորհիւ Հուրիկին, որուն խորհուրդներուն պէտք ունէի հիմա: Շաքէն տարաւ զիս անոր մօտ: Ան ոչ միայն ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեկութիւններ տուաւ, այլ նաեւ խոստացաւ հոն եւս ընկերակցիլ ինծի:

Վերադարձի ճամբուն վրայ սկսայ հետաքրքրուիլ Հուրիկով ու իր ընտանեկան պարագաներով: Շաքէն տեղեկացուց.

– Հուրիկին քոյրը` Զեփիւռ Սուրուզեան, յայտնի արուեստագէտ է եւ մաս կը կազմէ Իտալիոյ ջրանկարիչներու միութեան: Ան հոս է հիմա, եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ հանդիպիս իրեն:

– Սիրո՛վ, Շաքէ՛ ջան, դուն Հուրիկին հետ կազմակերպէ, եւ ես կը յարմարիմ:

– Նայէ՛, Մովսէ՛ս, կարեւոր բան մըն ալ պիտի ըսեմ, միայն թէ սխալ չհասկնաս զիս: Հուրիկը Boy Friend ունի… գերմանացի շատ մեծ հնագէտ մըն է… ան ալ հոս կ՛ապրի, անոնք նշանուած կը համարուին, եւ նկատի առ, որ գերմանացիները շատ խանդոտ կ՛ըլլան…

– Այո՛, Շաքէ՛, շնորհակալ եմ: Բայց դուն ալ նկատի առ, որ ես ալ նորապսակ եմ, եւ կողակիցս   բանաստեղծուհի է: Թէեւ շատ բնական բան մըն է ատիկա, բայց լաւ է, որ զգուշացուցիր… բոլոր պարագաներուն նկատի կ՛առնեմ:

Երբ Ասուանէն վերադարձայ, հանդիպեցանք Զեփիւռին: Իսկապէս տաղանդաւոր ջրանկարիչ էր: Իսկ երբ Պէյրութ վերադարձայ, «Ազդակ»-ին մէջ յաւուր պատշաճի ակնարկ մըն ալ գրեցի անոր մասին:

Իմ համակրելի՛ ընթերցող,

Գարոլինի կարգադրութեամբ, քանի մը օր ետք մեկնեցայ Լիւքսոր… զբօսանաւով: Ճանապարհին զբօսաշրջիկներու հետ հանդիպեցանք Թել Ամարնա, Ապիտոս եւ Տենտերա հնավայրերը: Երբ հասայ Լիւքսոր, անմիջապէս մասնագէտ ուղեկցորդ (guide) մը վարձեցի` Ռամի անունով: Յաջորդ օրն իսկ պարզուեցաւ, որ ինձմէ աւելի բան չի գիտեր, ու շատ աւելի արժեւորուեցաւ ու բարձրացաւ աչքիս Հուրիկը, որ յաջորդ օրն իսկ առաւօտեան հեռաձայնեց ու ամէն ինչ փոխուեցաւ: Եկաւ «ճիփով» մը: Նախ տարաւ գերմանական կեդրոնը ու ներկայացուց զիս իբրեւ իր ազգականը: Զիս ընդունեցին հարազատի նման` իբրեւ մասնագէտ, իբրեւ իրենցմէ մէկը: Շաբաթէ մը աւելի անոնց հետ անցուցի: Ընթացքին Հուրիկը ծանօթացուց զիս նաեւ  դոկտ. փրոֆեսէօր Ռայնըր Սթատըլմէնին… իբրեւ հաւատարիմ ու հմուտ գործընկեր: Թէեւ հետագային պարզուեցաւ, որ անոնց կապը լուրջ էր ու ամուսնացան, սակայն Ռայնըրը խանդի ոչ մէկ դրսեւորում ունեցաւ: Ընդհակառակը, օր մը, երբ Հուրիկը զբաղած էր, ի՛նք տարաւ զիս Ռամսէս Երրորդի տաճար-սրբավայրը (Ramezium), որուն պեղումները իրեն վստահուած էին: Ան ամենայն համբերատարութեամբ ամէն ինչ բացատրելէ ետք, մօտեցուց զիս գետնին տապալած չափազանց մեծ գլխաքանդակի մը ու բացատրեց.

– Ռամսէս Երրորդի ջարդուած այս գլուխը դիտմամբ այսպէս ձգած ենք իբրեւ նմուշ, որպէսզի այցելուն գաղափար մը ունենայ, թէ որքա՛ն աւերներ գործած են երկրաշարժերն ու թշնամիները: Տե՛ս, սակայն, այս վիճակի մէջ իսկ թէ՛ գեղեցիկ է եւ թէ՛ վեհ ու կոթողային, այնպէս, ինչպէս` առհասարակ եգիպտական արուեստը:

– Ըսել կ՛ուզէք, որ բոլոր պարագաներուն եգիպտական արուեստը վեհ է ու կոթողային:

Հուրիկին յայտնաբերած քանդակներէն մաս մը

– Ի հարկէ, եգիպտական արուեստի  գեղեցկութիւնը նախ եւ առաջ իր աստուածային վեհութեան մէջ է: Օրինակի համար, Նեֆերթիթին, նուրբ, հմայիչ ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ վեհ է ու կոթողային:

Իմ ազգասէր ընթերցող, երբ  Նեֆերթիթիին անունը տուաւ, եւ ես առիթէն օգտուելով` հարցուցի.

– Ի՞նչ կը կարծէք, Նեֆերթիթին ո՞վ է ձեզի համար, եգիպտացի՞ էր, թէ՞ …

– Չեմ հասկնար…

– Խօսքը կը վերաբերի Թել Ամարնայէն յայտնաբերուած Միտանի երկրի թագաւոր Տուշրատտասի նամակին, ուրկէ կարելի է ենթադրել, թէ Ամէնհոթէփ Երրորդի մայրը` Դիին Տուշրատտասի քոյրն է, իսկ Նեֆերթիթին` իր աղջիկը…

– Նեֆերթիթիի եւ Դիիյի նման ուժեղ անհատականութեան տէր թագուհիներու ինքնութիւնը կարելի չէ որոշել միակ «նամակով» մը, որուն վերծանումն ու անուններու ճշդումը տակաւին վիճելի են…

Զգացի, որ անշահախնդիր ու իրատես գիտնականը կը խօսի իր մէջ, ու… լռեցի:

Իմ անշահախնդիր ու իրատե՛ս ընթերցող,

Ըլլայ գերմանական թէ առհասարակ եգիպտական հնագիտական ասպարէզէն ներս Հուրիկին հեղինակութիւնն ու իրեն հանդէպ յարգանքը շատ մեծ էր: Ի պատիւ իրեն իմ դիմացս բոլոր արգիլուած ու փակ դուռերը կը բացուէին: Նոյնի՛սկ կրցայ այցելել Նէպամունի դամբարանի նման փոքր մատուռներ, ուր չափազանց տպաւորիչ էին զուարճանքի տեսարաններուն մէջ պատկերուած «Երկարամազ մերկուհիներու պարերը»:

Թէեւ հնարաւորութիւն չունիմ խօսելու բոլոր հնավայրերուն մասին, սակայն չեմ կրնար շրջանցել արուեստագէտներու դամբարանադաշտը, ուր այն ատեն բացառիկ մասնագէտներ միայն կրնային այցելել եւ այն ալ` յատուկ արտօնութեամբ: Հուրիկը  այնպիսի խանդաղատանքով կը խօսէր արուեստագէտներու մասին, որ կարծես թէ իր մօտիկ ընկերներն էին ու անոնց աշխատանքի պահուն հոն եղած էր… անոնց կողքին:

Իմ ազատատե՛նչ ընթերցող,

Հոս էր, որ Հուրիկը խօսեցաւ արուեստագէտի ազատութեան անհրաժեշտութեան մասին ու շեշտեց.

– Այս արուեստագէտները իրենց սեփական դամբարանները նկարազարդելու ընթացքին աւելի ազատօրէն կը ստեղծագործէին, որովհետեւ հաշուետու չէին պատուիրատուներուն: Միւս պարագաներուն, միայն արքայական որսի տեսարաններու մէջ է, որ անոնք հնարաւորութիւն ունէին խախտելու աստուածային անբեկանելի օրէնքները ու ազատօրէն արտայայտուելու…

Եւ իսկապէս (ըլլայ բարձրաքանդակներու թէ որմնանկարներու պարագային), երբ Հուրիկը ցոյց կու տար խառնիխուռն երամներու թռիչքն ու անշարժ կեցած յարակից կերպարները, անոնց մէջ  արտայայտչական տարբերութիւնը ակնյայտօրէն կ՛երեւէր, ու բացայայտ կը դառնար ազատօրէն ստեղծագործելու առաւելութիւնը:

Լիւքսոր ժամանումէս տասը օր ետք

Երբ արդէն պէտք էր մեկնէի Ապու Սիմպէլ, Հուրիկը տեղեկացուց, որ պիտի չկարողանայ հետս գալ, որովհետեւ Գերմանիայէն հնագէտներու խումբ մը եկած է, ու իրմէ խնդրած են, որ ուղեկցի անոնց: Մեկնեցայ առանձին… ինքնաշարժով ու… դժկամութեամբ: Ճանապարհին այցելեցի Էտֆու եւ Գոմ Օմպօ հնավայրերն ու Էլեֆանթին կղզին:

Իմ համբերատա՛ր ընթերցող, ի՛նչ մեղքս պահեմ, վարժուած էի Հուրիկին մասնագիտական վերլուծութիւններուն ու մեկնաբանութիւններուն, առանց իրեն` ամէն ինչ թերի էր ու անհամ: Երբ հասայ Ասուանի ամբարտակը, ուրկէ պէտք էր որ մեկնէի Ապու Սիմպէլ, արդէն իսկ յոգնած ու անտրամադիր էի: Որոշեցի վերադառնալ Գահիրէ` առանց այցելելու Ապու Սիմպէլ:

Հուրիկը շոգեկառքի տոմսս պատուիրած էր Ապու Սիմպէլէն ուղիղ Գահիրէ: Վարորդս տարաւ զիս շոգեկառքի կայարան, ուր տեղեկացուցին, որ կրնամ Ասուանէն վերադառնալ:  Տխուր էի ու անտրամադիր:

Երեկոյեան առաջնորդեցին զիս առաջին կարգի (Lux) սենեակ մը: Այո, իմ զգայուն  ընթերցող, թէեւ Հուրիկին հոգատար ու ազնիւ վերաբերմունքը տրամադրութիւնս բարելաւեց, սակայն մտահոգ էի, թէ գիշերը ինչպէ՛ս պիտի անցընեմ, մինչեւ հասնիմ Գահիրէ: Այդ օրերու եգիպտական գնացքին աղմուկն ու ցնցումները ահաւոր էին ու անտանելի:

Հասանք  Լիւքսորի հերթական կանգառը: Շոգեկառքը հազիւ ճամբայ ելած էր, յանկարծ դուռը զարնուեցաւ… բացի… Աստուա՜ծ իմ… իմ հաւատարիմ ընթերցող, եթէ ըսեմ, որ Հուրիկն էր, կը հաւատա՞ս: Համեմատաբար թեթեւ հագած, նոյն ժպտուն ու բարձր տրամադրութեամբ կենսայորդ աղջիկը… Ան իրեն համար վարձած էր ճիշդ իմ կողքի սենեակը: Այդ գիշեր ճաշակեցինք նախ գիւղական պանիրը կանաչ սոխի հետ ու ապա կերանք նաեւ անմահական մանկոն ու բուրումնաւէտ կաուաֆէն: Լաւ տրամադրութեան մէջ մոռցուեցան շոգեկառքի աղմուկներն ու ցնցումները, զրուցեցինք ու խօսեցանք ամէն ինչի մասին մանրամասնօրէն: Ու երբ սկսանք բացուիլ իրարու ու մեր զրոյցը աւելի մտերմական բնոյթ ստացաւ, համարձակութիւնը ունեցայ հարցնելու.

– Հուրի՛կ ջան, բան մը ալ կայ, որ չեմ հասկնար:

– Ըսէ՛, նայիմ:

– Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ գեղեցիկ, կենսասէր եւ ուշիմ պարմանուհին լքէ Փարիզի պէս արուեստի կեդրոն մը եւ գայ այս կիզիչ աւազուտքներուն մէջ, շնչէ այստեղի փոշին ու ապրի համեստ պայմաններու տակ, երբ հոն կրնար շատ աւելին ձեռք բերել ու աւելի բարձունքներ նուաճել:

– Բացատրեմ: Արուեստասէր ծնողներ ունեցած եմ, խաղալիքի փոխարէն` գիրք կը նուիրէին մեզի: Փոքր տարիքէս սիրահարած էի արուեստին: Երբ նշմարեցի, որ ես քրոջս` Զեփիւռին նման, ստեղծագործական կարողութիւններ չունիմ, ուզեցի արուեստաբան դառնալ… քեզի պէս: Սակայն կարճ ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ, որ ժամանակակից արուեստաբանութիւնը աւելի ներանձնական (subjective) բնոյթ կը կրէ, քան` առարկայական (օbjective): Հնագիտութիւնը ճշգրիտ գիտութիւն է` հիմնուած փաստացի տուեալներու վրայ: Եւ որովհետեւ  կ՛ուզէի մնալ արուեստի սահմաններուն մէջ, ընտրեցի հնագիտութիւնը:

– Բայց ինչո՞ւ յատկապէս եգիպտականը:

Հուրիկի գիրքերէն նմուշ մը

– Երբ առաջին անգամ Լուվր թանգարան այցելեցի ու հասայ փարաւոնական տաղաւարը, կարծես թէ իմ անցեալի հարազատներուս հանդիպեցայ: Օրեր ետք, երբ վերադարձայ ու երկար ժամեր մնացի եգիպտական բաժնին մէջ, համոզուեցայ, որ արուեստի բարձրագոյն գագաթը եգիպտականն է: Տակաւին ոչ մէկ մշակոյթ, կամ արուեստագէտ կրցած է հասնիլ հին եգիպտական մշակոյթի կոթողային վեհութեան, որ անմահանալու, աւելի ճիշդը, աստուածանալու բուռն տենչէն մղուած, ոգեղինացումն է գեղարուեստական այն ուժերուն, որոնք կ՛արժեւորեն մարդկայինը մարդու մէջ:

– Ըսել կ՛ուզես` Մարդը կը մարդկայնացնեն…

– Ո՛չ, կը ձգտին Մարդը աստուածացնել ու անմահացնել:

– Սակայն աստուածանալու ու անմահանալու ձգտումը գոյութիւն ունէր գրեթէ բոլոր հին մշակոյթներու մէջ… նոյնի՛սկ մեր Նարեկացիին…

– Այո՛, բայց ամէնէն շատ հին եգիպտացիները կրցած են մօտենալ ու հպիլ անդրաշխարհային ոլորտներու…

Իմ իրատե՛ս ընթերցող, այս յարափոփոխ ու տագնապալից օրերուն, երբ արդէն տասնեակ տարիներու փորձառութիւն ունիմ արուեստի միջազգային ասպարէզին մէջ ու կ՛աշխատակցիմ նաեւ «Fine Art»-ի եւ կամ «L. I. Art»-ի նման միջազգային թերթերու, շատ լաւ կ՛ըմբռնեմ, թէ որքա՜ն ճիշդ էր Հուրիկը:

Ամէն ինչ յստակ էր… Նախ անդրադարձայ, որ Հուրիկին իր մասնագիտութեան մէջ այսքան խորացումն ու եգիպտական մշակոյթի հանդէպ տածած բացառիկ սէրն ու ակնածանքը անթեղուած են ի բնէ իր արմատներուն ու ինքնութեան մէջ: Եւ ապա ըմբռնեցի, թէ ինչո՛ւ  յաճախ երազներուս մէջ նախնադարեան ժամանակներու մէջ կ՛ապրիմ, կը թռչիմ, կը լողամ ու համապատասխան տեսիլքներ կ՛ունենամ: Հասկցայ նաեւ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան ուսանած տարիներուս կամովին կը մասնակցէի պեղումներու… եւ կամ ինչո՛ւ փոքր տարիքէս մինչեւ հիմա հնութիւններ կը հաւաքեմ…

Այո՛, իմ  գիտակից ու ազատամիտ ընթերցող, որովհետեւ Հուրիկին եւ իմ միջեւ ընդոծին ընդհանրութիւններ կային,  նոյնանման հետաքրքրութիւններ ունէինք ու զիրար դիւրին կը հասկնայինք:

Մեր զրոյցը այնքան հետաքրքրական ու հաճելի կ՛ընթանար, որ կը կարծէի, թէ գնացքը անընդհատ պիտի  շարունակէ իր երթը… առանց հասնելու Գահիրէ: Մինչ այդ ես արդէն իսկ կ՛ատէի ժամանակը, որովհետեւ ո՛չ խօսք կը հասկնայ եւ ո՛չ ալ կանգ առնել գիտէ…

Սիրելի՛ Հուրիկ,

Հուրիկ եւ Մովսէս Լիւքսորի մէջ,1988-ին
Մարիամ Յարութիւնեան եւ Հուրիկ Սուրուզեան Երեւանի մէջ, 1989-ին

Ամսուան մը ընթացքին «համալսարանի» մը չափ  բան փոխանցեցիր ինծի, որուն համար երախտապարտ եմ անշուշտ: Մամուլէն ու յատկապէս համացանցէն կը հետեւիմ մասնագիտութեանդ մէջ ձեռք բերած բացառիկ նուաճումներուդ, որոնց համար հպարտ եմ անշուշտ: Դուն կրցար բացայայտել «Մեմնոնի» կոթողներուն առեղծուածը, յայտնաբերել ու պեղել Թութանխամոնի մեծ հօր` Ամենհոթեփ Երրորդի տաճար-սրբավայրը, որ մեծագոյնն է իր տեսակին մէջ: Քսան եւ աւելի տարիներու ընթացքին քու ձեռք բերած բացառիկ յայտնաբերումներուն համար ոչ միայն եգիպտաբանութիւնը, այլ առհասարակ հնագիտութիւնը շատ բան պարտական կը մնան քեզի: Այնպիսի մենագրութիւններ ու գիրքեր գրած ես, որոնք յաճախ հնագիտական ամպիոններու կողմէ իբրեւ դասագիրք կը յանձնարարուին: Գիտեմ նաեւ, որ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր լեզուներով բազմաթիւ դասախօսութիւններ տուած ես: Քանի՞ շքանշան ու պատուոյ գիր ստացած ես, եւ կամ՛ միջազգային հնագիտական թերթերը որքա՜ն բարձր գնահատանքներ արձանագրած են քու հասցէիդ: Այս նուաճումներուդ մասին ոչ միայն առանձին յօդուածներ, այլ կարելի է գիրք գրել: Ուրեմն մի՛ զարմանար, եթէ ըսեմ, որ ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ քեզի հանդիպած ու  քեզ ճանչցած ըլլալուս համար:

Բայց այսքանով չի վերջանար հարցը, որովհետեւ կայ նաեւ մետալին միւս երեսը: Խօսքը յետերկրաշարժեան քու մարդասիրական ու հայրենասիրական գործունէութեան կը վերաբերի: Թէեւ այս մասին բացայայտումներ պիտի չընեմ համեստութիւնդ վիրաւորած չըլլալու համար, սակայն թոյլ տուր, որ մէջբերում մը կատարեմ 1989-ին ընկերուհիիդ` Մարիամ Յարութիւնեանին, գրած նամակներէդ, ուր կ՛ըսես. «Հպարտ եմ եւ երջանիկ իմ հողին վրայ կոխած ըլլալու համար… Գա՛յ այն օրը, որ հայը տիրանայ ամէն ինչին, որ իրեն կը պատկանի, որուն հասնելու ճամբուն վրայ որքա՜ն կտրիճներ զոհուեցան…»: …Ամէ՜ն… Հուրի՛կ ջան… հազա՛ր ամէն…

Աղուո՛ր աղջիկ,

Կրնա՞մ մոռնալ հոգատար վերաբերմունքդ:  Երկտողի մը մէջ կը գրէիր. «Յուսամ կրկին կը տեսնուինք ու մանրամասն կը զրուցենք»: «Արաբական գարուն»-էն շաբաթներ առաջ, գործի բերումով անգամ մը եւս այցելեցի Գահիրէ, սակայն ըսին, որ քաղաքէն կը բացակայիս: Իսկապէս ցաւեցայ, նեղուեցայ, որովհետեւ հոգեպէս տրամադրուած էի հանդիպելու ու մանրամասն զրուցելու հետդ…  Յամենայն դէպս աշխարհը փոքր է…

(Երեւան, 2023, ապրիլ)

Նախորդը

Նիքոլօ Մաքիավելլիի` Իշխանութիւնը Պահելու Արուեստը (Իմաստասիրական-Քաղաքական Տեսութիւն)

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.