Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 29 յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի Հինգի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:
Լիզպոնի հինգին յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութենէն եւ ապա Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգները լսելէ ետք, ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի խօսքը ներկայացուց Լիւսի Հերկելեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի հինգի անձնուէր արարքը ներշնչեց աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութիւնը եւ փշրեց ա՛յն պատը, որ բաժնած էր հայուն ձայնը իր սեփական պատմութենէն: Հերկելեան հաստատեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը կը խոստանայ շարունակել պայքարը եւ հետեւիլ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն գաղափարախօսութեան եւ ուղիին:
Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պատրաստած Լիզպոնի հինգին յիշատակին նուիրուած երգաշարին տեսերիզը, որմէ ետք Արինա Աբրահամեան մեկնաբանեց «Լիզպոնի հինգին յիշատակին» երգը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի գործողութիւնը ապացուցեց, որ մենք միայն մեր բազուկներուն կրնանք վստահիլ, մեր ձեռքերով ու բռունցքներով կրնանք մեր դատը լուծել եւ չենք կրնար ապաւինել օտարին:
Ան հաստատեց, որ Լիզպոնի գործը շարունակել կը նշանակէ գերադասել հաւաքական շահը անհատականէն, մերժել որեւէ բնոյթի դաւաճանութիւն, քիչ խօսիլ, բայց շատ աշխատիլ, չզիջիլ հայրենի հողէն, որեւէ ափ իսկ, դատել-պատժել թշնամիին հետ գործակցողները, վերակազմակերպել սփիւռքը, երիտասարդութեան վստահիլ եւ ամուր ու կայուն պահել Լիզպոնի հինգին պաշտած կուսակցութիւնն ու տեսլականը: (Խօսքը կու տանք առանձին):
Ապա ցուցադրուեցաւ Անի Բագրատունիի, Սիմոն Գաֆալեանի, Կարպիս Մէշէֆէճեանի եւ Հրայր Պարոնեանի վկայութիւններու տեսերիզը:
Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խումբը, որ ներկայացուց Լիզպոնի հինգին յիշատակը յաւերժացնող երգեր:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի հինգը պէտք է միշտ յիշենք մեր գործերով, աննկուն կամքով եւ հերոսներու պատգամին հետեւելով: Հայր սուրբը շեշտեց, որ պէտք է պայքարը շարունակել մեր լեզուին, մշակոյթին, սրբութիւններուն, աւանդութիւններուն, Հայաստանին, Արցախին եւ հայութեան համար:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:



