ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Վերջերս հետեւեցայ «Ազդակ»-ի կազմակերպած վերջին առցանց դասախօսութեան: Մեծ գոհունակութեամբ կը հետեւիմ այս դասախօսութիւններուն: Ուստի կը փափաքիմ շնորհակալութիւններս յայտնել կազմակերպիչներուն, վարողին եւ մաղթել յաջողութիւն` շարունակելու այս օգտաշատ ձեռնարկը:
Այվազովսկիի մասին դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի` ներկաներուն փոխանցած լայն տեղեկութիւններուն նոր կը ծանօթանայի: Որոշ տեղեկութիւն ունէի մեծ արուեստագէտին մասին, սակայն հիմա բաւական զարգացայ` շնորհիւ ձեր կազմակերպած դասախօսութեան:
Անմիջապէս այս երկտողը գրելու պատճառը այն է, որ Այվազովսկիի պաստառներուն մասին որոշ տեղեկութիւն մը կ՛ուզեմ ձեզի փոխանցել, եթէ յարմար կը նկատէք, Մ. Հերկելեանի ուշադրութեանն ալ յանձնեցէք: Խօսուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ եղած Այվազովսկիի պատկերներուն մասին: Ուրեմն, տարիներ առաջ, երբ երիտասարդ էի, Պոլիս գտնուող մեր ազգականներուն այցելութեան երթալու համար նախ Պէյրութ հանդիպեցայ քանի մը օրուան համար: Գացած էի Գարեգին եպս. Սարգիսեանի մօտ (ապա` կաթողիկոս), պարզ այցելութեան մը, բարեւ մը ըսելու (նախապէս արդէն ծանօթներ էինք): Սրբազանը, երբ իմացաւ որ Պոլիս պիտի երթամ, կապոց մը, որ երկու գիրքեր կը պարունակէր, տուաւ` յանձնելու Պոլսոյ Շհնորք պատրիարքին եւ ապսպրեց ոչ ոքի յանձնեմ զանոնք` բացի պատրիարքէն, անձամբ: Ըսաւ` առիթ կ՛ըլլայ այս մեծ հոգեւորականը կը տեսնես: Ազգականս զիս տարաւ պատրիարքարան: պատրիարքը զիս ընդունեց իր գրասենեակին մէջ: Հարց ու փորձ, թէ ուրկէ՞ եմ… եւ այլն: Հարցումներ` Իրաքի հայութեան մասին, մեր առաջնորդի, եկեղեցիներու մասին: Նկատեցի պատրիարքի կռնակի կողմի պատին մեծադիր պատկերը, որուն վրայ յաճախ աչքերս կը սեւեռէի խօսակցութեան ընթացքին, իրօք հիացումով կը դիտէի: Պատրիարքը նկատած էր այս: Ինծի դառնալով` ըսաւ. «Այս Այվազովսկիին մէկ պատկերն է, իրաւունք ունիս հիանալու»:
Խնդրեմ` դոկտ. Հերկելեանին յայտնեցէք, որ ես բախտը ունեցեր եմ տեսնելու Այվազովսկիի Պոլսոյ պատրիարքարանի մէջ գտնուող մէկ պատկերը, Շնորհք պատրիարքի օրով, իր գրասենեակի պատին: Արդեօք այսօր նոյն պատկերը հո՞ն է, թէ՞ ոչ, չեմ գիտեր: Տարիներ են անցեր, պատրիարքներ են եկեր ու գացեր…
Կրկին անգամ շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ ձեր բոլորին.
Ձերդ`
ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
27 յուլիս 2023


