ՀՐԱԶԴԱՆ ԿԱԼԵԱՆ
Այսօր, իր կիսանդրիի զետեղումով, Մուսա Lերան Խըտըրպէկ գիւղը ծնած Սարգիս Զէյթլեան ազգային ղեկավարի յիշատակը արդարօրէն կը նուիրագործուի Այնճարի իր համագիւղացիներուն կողմէ:
Կիսանդրին ինքնին ստեղծագործութիւնն է Մուսա Լերան յայտնի ընտանիքներէն արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանի:
Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի տեղադրումը կարեւոր եւ պատմական քայլ մըն է Այնճարի կողմէ` անմահացնելու իր արժանաւոր զաւակը, ազգային ազատագրումի եւ հայկական արեւելումի Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարներու հնչեղութիւնը եւ արմատացնելու անոր գաղափարները Այնճարի յաջորդ սերունդներու մտքերուն մէջ:
Այսօր, Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կազմակերպած այս ձեռնարկով եւ այս կիսանդրիի զետեղմամբ, Սարգիս Զէյթլեան մշտական ներկայութիւն կը դառնայ Այնճարի մէջ, որ իր կեանքի երկայնքին միշտ ալ եղաւ իրեն համար ամէնէն հոգեհարազատ միջավայրը, հոն, ուր կը փափաքէր վերադառնալ միշտ:
Սարգիս Զէյթլեան իր նկարագրով եղաւ մուսալեռցի եւ այնճարցի լեռնական հայու տիպարի խտացումը: Պայծառամտութիւն, ուսանելու եւ ուսուցանելու մարմաջ, անշեղ վճռակամութիւն, յանդգնութիւն, արդար պայքարի մէջ անզիջողութիւն եւ հայ ժողովուրդի ու մեր ազգային պատմական առաքելութեան արժանաւորապէս ծառայելու յանձնառութիւնը եղան հիմնական բաղկացուցիչները իր երկաթեայ նկարագրին եւ իր ազգանուէր կեանքի երթին:
Իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն` Երուսաղէմէն Պէյրութ, Գահիրէէն Այնճար եւ դարձեալ Պէյրութ, կամ սփիւռքի զանազան ոստաններուն մէջ Սարգիս Զէյթլեանի դաւանանքը եղաւ Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դասել: Իր ուսանողական շրջանէն մինչեւ կրթական, հրապարակագրական եւ քաղաքական-կազմակերպչական նուաճումները` Սարգիս Զէյթլեան վերափոխիչ ներդրում ունեցաւ հայ ազգային գաղափարաբանութեան եւ Հայ դատի ռազմավարութեան մշակումին մէջ:
Իր գործած բոլոր գաղութներուն մէջ վճռական ղեկավարութիւն ցուցաբերեց եւ հայ երիտասարդութիւնը համախմբեց յանուն ազգային կեանքի կազմակերպման եւ հայութեան վերելքին:
Տակաւին իր ճեմարանական տարիներուն պէյրութաբնակ մուսալեռցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը հիմնեց:
Եգիպտոսի մէջ իր պաշտօնավարած ազգային վարժարանին կրթական մակարդակը բարձրացնելու եւ արդիական պահանջներու հետ ներդաշնակելու նպատակով ուսուցչական շարժում ստեղծեց: Իսկ երբ Դաշնակցութեան օրկան «Յուսաբեր»-ի խմբագրութեան միացաւ, թէ՛ աշխատակիցներու լայն շրջանակ կազմեց, թէ՛ միջկուսակցական պայքարը գաղափարական եւ սկզբունքային բարձրութեան վրայ պահեց:
Այնճարի տնօրէնութեան շրջանին «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանը քոլեճի մակարդակին բարձրացուց եւ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով առանձին շէնքով երկրորդական վարժարան հիմնեց յանուն ազգային կեանքի կազմակերպման եւ հայաշունչ սերունդներու դաստիարակութեան: Աւելի՛ն. քոլեճին կրթական ծրագիրը վերամշակեց եւ առաջին անգամ ըլլալով Հայ դատի դասընթացք հաստատեց: Իսկ քոլեճին շարունակական վերելքին համար Շրջանաւարտից միութիւն կազմեց: Միաժամանակ, իբրեւ Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէի հերթապահ, կալուածագրերու վերաքննութիւն կատարեց եւ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ վէճեր հարթեց: Ան զարկ տուաւ գիւղի տնտեսութեան` կաթնատնտեսութիւնը կազմակերպելով եւ համագործարանի մը նախաձեռնելով, միաժամանակ գիւղին ապահովութիւնը կազմակերպեց: Աւելի՛ն. Այնճարի մէջ մշակութային փառատօնի աւանդութեան հիմը դրաւ:
Միշտ իրա՛ւ ղեկավարի յատկանիշներ ցուցաբերելով` Սարգիս Զէյթլեան երիտասարդութիւնը համախմբեց եւ ազգային վերափոխիչ ներկայութիւն եղաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի հայկական բաժնին համար: Իսկ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի իր հերթապահութեան շրջանին, իր ղեկավարութեամբ, Լիբանանի խորհրդարանական պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայութեան երեսփոխաններուն թիւը հինգի բարձրացուց եւ երկու նախարարական պաշտօններ ապահովեց: Աւելի՛ն. դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով, Երեսփոխանական գրասենեակ հաստատեց` մեծապէս աւելցնելով հայութեան քաղաքական կշիռը:
Միւս կողմէ` ազգային կազմակերպական նշանակութիւն ունեցող հիմնարկներ հաստատեց, ինչպէս` Լիբանանի երիտասարդաց միութիւնը, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, հայ մամուլի աշխատակիցներու Մամլոյ դիւանը: Աւելի՛ն. անզիջող պայքար մղեց կաշառակերութեան եւ կարգապահական խախտումներու դէմ:
Կեդրոնական կոմիտէի իր հերթապահութեան տարիներուն հզօրացաւ ապահովական համակարգը, որուն հիման վրայ լիբանանահայութիւնը կրցաւ դիմակայել Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը աւելի ուշ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կեդրոնական ղեկավար դեր ունեցաւ հայութեան դրական չէզոքութեան մարտավարութեան հաստատման մէջ, եւ երբ Հայկական թաղամասերը սպառնալիքի ենթարկուեցան` անոնց ուժական պաշտպանութեան մէջ:
1972-էն սկսեալ, իբրեւ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, ան եղաւ տիրական ներկայութիւն` իբրեւ ազգային ղեկավար: Թէ՛ Բիւրոյի օրկան «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը վարեց, թէ՛ Դաշնակցական մամուլի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ թէ՛ Դաշնակցութեան ծրագիր-կանոնագրի վերամշակումը իրագործեց: Աւելի՛ն. տարբեր գաղութներ այցելելով` հզօրացուց Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութեան ինքնակազմակերպումն ու մանաւանդ քաջալերեց հանրանուէր սերունդներու պատրաստութիւնը:
Եօթանասունական եւ ութսունական թուականներուն իր սերունդի ղեկավարութեամբ նոր թափ առած Հայ դատի պահանջատիրութեան պայքարին մէջ ան եղաւ մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման գաղափարաբանական դրօշակիրը եւ Հայ դատի լուծման համար անշեղ մարտունակութեան գաղափարախօսը:
Իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն Սարգիս Զէյթլեանի վերափոխիչ գործունէութիւնը եւ վճռական ղեկավարութիւնը յարգանք պարտադրեցին ոչ միայն սփիւռքեան գաղափարական բոլոր շրջանակներուն, այլեւ` իր ժամանակակից հայրենի ազատատենչ երիտասարդութեան:
Թող Այնճարի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիին զետեղումը ներշնչումի աղբիւր դառնայ ազգային իտէալի տէր, հայօրէն ապրելու եւ հայօրէն պայքարելու ընդունակ սերունդներուն համար:
* Խօսք` արտասանուած 3 օգոստոս 2023-ին, Այնճարի մէջ` Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութեան:


