Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 102 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գարիկ Կարապետեան ոչ միայն հանդիսացաւ ախոյեան, այլեւ հաստատեց աշխարհի նոր մրցանիշ մը:
Երկամարտի մրցումներուն հայրենի ծանրաբարձը արձանագրեց 386 քկ արդիւնք մը (181+205 քկ):


