Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի տղոց կանոնաւոր ախոյեանութեան տիտղոսակիր հանդիսացաւ Արթիկ, որ աւարտականի մրցումին 95-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուրարտուն:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արթիկէն Խաւիեր Ուոմաք (24 կէտ եւ 22 ռիպաունտ):
Երրորդ դիրքի մրցումին, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը 94-91 արդիւնքով յաղթեց Դուինին:
Մրցանակակիրները պարգեւատրուեցան Ա. Լիկայի նախագահ Արա Պօղոսեանի կողմէ:
Նշենք, որ Գոռ Մինասեանի գլխաւորած կազմը` Արթիկ, նախապէս տիրացած էր նաեւ Հայաստանի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:


