Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ուքրանական ուժերու Տոնեցքի, Քրասնի Լիմանի եւ Տոնեցքի հարաւի ճակատներուն վրայ յառաջխաղացք արձանագրելու փորձերը ապարդիւն մնացած են:
Ռուսական զինեալ ուժերը Տոնեցքի հանրապետութեան մէջ Եամփոլ գիւղին մօտ շրջանային պաշտպանութեան թիւ 100 ստորաբաժանումի հրամանատարական կեդրոնը հարուածած են:
Մարտավարական օդանաւերն ու ռուսական բանակի ռմբաձիգները, ինչպէս նաեւ հրթիռային եւ հրետանային ստորաբաժանումները հարուածած են ուքրանական բանակի հրետանային 102-րդ բաժանմունքի դիրքերը եւ 108 շրջաններու մէջ զինուորական սարքերն ու մարդուժը:
Ուքրանացի զօրավար Ալեքսանտր Թառնաւսքի քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ մատակարարուած արեւմտեան հրասայլերն ու հետեւակներու մարտական մեքենաները «անկարող էին ճեղքել առաջնագիծին վրայ ռուսական ականներու շարքերը, ինչ որ հակայարձակումը դանդաղեցուց»:
Նախքան այդ, Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով խոստովանած էր, որ Քիեւի ծրագրած հակայարձակումը «իր նպատակները ճշդուած ժամանակին չիրականացուց»:
Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը երէկ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ ճակատին վրայ կացութիւնը հասաւ անելի»:


