Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի պատանեկան ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը յաղթանակով աւարտեց իր ելոյթները, երբ իր կատարած վերջին մրցումին 87-59 արդիւնքով յաղթեց Ալպանիոյ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Դաւիթ Պոյաճեան, 19 կէտ (ինչպէս նաեւ` 9 ռիպաունտ):
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 102-44 արդիւնքով յաղթեց Սան Մարինոյին, երկրորդին յաղթեց Կիպրոսի (76-63), մինչ երրորդին պարտուեցաւ Ազրպէյճանէն (92-58):


