Ռումանական Լասի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան, որ պիտի տեւէ մինչեւ 30 յուլիս, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի տղոց պատանեկան հաւաքականը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուած են Էմին Օհանեան, Արսէն Դաւթեան, Էրիկ Չաքըրեան, Ռոպերթ Փիլիպոսեան եւ Ալեքս Սահակեան:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող 14 խումբերուն մէջ վարկանիշով երկրորդն է եւ կը զիջի միայն Իսրայէլին:


