Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը` հովանաւորութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, երէկ մեկնարկը կատարեց «Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք-2023»-ի հանդիսութիւններուն, որոնք կը տեւեն մինչեւ տարեվերջ:
«Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք 2023»-ի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան 16 երկիրներ ներկայացնող 700 երիտասարդներ:
Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ Պէյրութ ուրախ է, որ արաբական տարբեր երկիրներէ հարիւրաւոր երիտասարդներ կը հիւրընկալէ:
«Այս հանդիպումը բազմաթիւ իմաստներ կը բովանդակէ, եւ անոնցմէ առաջինը կը նկատուի միասնականութիւնը, որուն կարիքը ունինք բոլոր մարզերուն մէջ», յայտնեց ան:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Հայֆա Ապու Ղազալէ յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, երկիրն ու քաղաքացիները կը մերժեն անձնատուր ըլլալ, այլ` կը շարունակեն դիմադրել ամէն տեսակի մարտահրաւէրներուն:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդին անունով խօսք առաւ խորհուրդի գործադիր գրասենեակի նախագահ, Եգիպտոսի երիտասարդութեան նախարար Աշրաֆ Սուպհի, որ հաստատեց, որ Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք ընտրելը ցոյց կու տայ այն վստահութիւնը, որ արաբական երկիրները կը տածեն Լիբանանի նկատմամբ:
Իր կարգին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հաստատելով, որ խաղաղութեան, բարգաւաճումի, միտքի, զարթօնքի, զբօսաշրջութեան եւ քաղաքակրթութեան Լիբանանը բոլորին միտքին մէջ արթուն է ու պատմութեան մէջ կանգուն:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին այցելելու Լիբանան եւ սիրելու այս երկիրը:
Քալլաս ողջունեց նաեւ պաղեստինեան հողերուն վրայ ապրող երիտասարդութիւնը` հարց տալով, որ ե՞րբ Երուսաղէմը կամ Կազան պիտի ըլլան արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաքը:
Նշենք, որ Լիբանան ժամանումի ընթացքին Սուպհի Պէյրութի միջազգային օդակայանէն յայտարարած էր, թէ իրենք կը զօրակցին Լիբանանին, որ կը հիւրընկալէ «Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք-2023»-ի հանդիսութիւնները:
Սուպհի ընդգծեց նաեւ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններու ամրապնդուած ըլլալու իրականութիւնը:
Պըրրիի Մօտ
Նշենք, որ «Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք-2023»-ի հանդիսութիւններուն մեկնարկը կատարելու շրջագիծին մէջ Լիբանան եկած արաբական երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց հետեւեալը. «Կա՛մ այն է, որ Լիբանան արաբներուն երկիրն է եւ կա՛մ ան գոյութիւն չունի»:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան արաբ իր եղբայրներուն հետ կը զգայ ցաւը ու կը բաժնէ զայն` աւելցնելով, որ ամէնէն խոր վէրքը, որ տակաւին կ՛արիւնի, պաղեստինեան վէրքն է Այսրյորդանանի, Երուսաղէմի եւ Կազայի մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլը միայն դիմադրութեան լեզուէն կը հասկնայ, որպէսզի վերջ տայ պաղեստինեան հողերուն դէմ իր գործած բռնարարքներուն եւ ոտնձգութիւններուն:
Պըրրի մաղթեց, որ երիտասարդութեան հարցերու արաբ նախարարները իրենց աշխատանքային օրակարգին ընդմէջէն քննարկեն Արաբ երիտասարդներու խորհրդարան մը հիմնելու կարելիութիւնը:


