Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհայի Նիստին Քննարկուած Են Նախագահական Ընտրութիւնը Խոչընդոտողներուն Դէմ Միջոցառումներ

July 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու նպատակով նախանցեալ օր Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ հնգակողմանի երկրորդ հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ներկայացուցիչները:

Քաթարի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմանի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական էական բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը իր քաղաքացիներուն նկատմամբ պատասխանատուութիւնները ամբողջացուցած ըլլայ, ինչպէս նաեւ կարենայ որդեգրել տնտեսական փրկութիւն ապահովող ծրագիր մը` բարգաւաճեցնելու համար երկիրը:

Հաղորդագրութեան մէջ հինգ երկիրները հաստատեցին, որ յանձնառու կը մնան Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, սակայն նախագահական ընտրութիւնը ուշացած է, եւ երեսփոխանները պէտք է նախանձախնդիր ըլլան սահմանադրական իրենց պատասխանատուութեան եւ արագացնեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, հնգակողմանի հանդիպումը քննարկեց նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտողներուն դէմ միջոցառումներ:

Հաղորդագրութեան մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ հոգալ լիբանանցիներու կարիքները եւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ պարկեշտութիւն կը մարմնացնէ, ժողովուրդը կը միասնականացնէ եւ երկրին շահերն ու քաղաքացիներուն բարօրութիւնը առաջնահերթ կը նկատէ, ինչպէս նաեւ ընդարձակ հանդիպում մը կը կազմէ` գործադրելու համար տնտեսական բարեկարգումները, յատկապէս անոնք, որոնք կը յանձնարարուին Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ:

«Մեր երկիրները համաձայն են Լիբանանի հետ գործակցելու` օժանդակելու համար այս բարեկարգումներուն գործադրութեան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հինգ երկիրներու ներկայացուցիչները ընդգծեցին նաեւ արդարադատութեան մարզի բարեկարգման կարեւորութիւնը, յատկապէս օրէնքի գործադրութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին:

Նոյն ժողովը կարեւոր նկատեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը գործադրէ միջազգային բանաձեւերն ու համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի բանաձեւերն ու Ազգային ուխտին կառչածութիւնը, որովհետեւ միայն այդպէս կարելի կ՛ըլլայ երաշխաւորել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու Լիբանանի քաղաքացիական արդարութիւնը:

Նախորդը

Մաուլաուի Հոգեւոր Եւ Քաղաքական Հեղինակութիւններու Հետ Քննարկեց Մար Մըխայէլի Եւ Ժըմմէյզէի Կացութիւնը

Յաջորդը

Պայրամով Ռուսիոյ Նոր Դեսպանին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Կրկնած Է Աղտամի Ճամբու Առաջարկը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.