Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մանկապատանեկան Գրականութեան Նոր Ու Ժամանակակից Գործերու Հրատարակութիւնը Եւ Տարածումը Կենսական Ու Հաւաքական Պարտաւորութիւն Է» Կը Հաստատէ Յակոբ Հաւաթեան

March 23, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` ուրբաթ, 23 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքի բացման հանդիսութիւնը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, «Շաղզոյեան» կեդրոն: Ձեռնարկը կը հովանաւորուի Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի կողմէ, իսկ նախագահութիւնը ստանձնած են քաթարաբնակ տէր եւ տիկին Արսէն եւ Սօսի Հալլաճեաններ: Այս տարուան ցուցահանդէսը նուիրուած է հայկական տպագրութեան 500-ամեակին ու «Հայ գիրքի տարուան», եւ կը կազմակերպուի գործակցաբար «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի: Ցուցահանդէս-վաճառքը պիտի շարունակուի մինչեւ 9 ապրիլ, շաբթուան բոլոր օրերը, առաւօտեան ժամը  9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Այս ձեռնարկին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար, «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի հետ: Հաւաթեան յայտնեց, որ մանկապատանեկան գիրքերու յատուկ ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը կը նպատակադրէ գիրքի եւ յատկապէս հայ գիրքին նկատմամբ հետաքրքրութիւնն ու սէրը կանուխ տարիքէն փոքրերուն եւ պատանիներուն մօտ արթնցնել: Ան աւելցուց, որ այսպիսի ձեռնարկներու յաճախականութիւնը օրէ օր աւելի անհրաժեշտ սկսած է դառնալ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն իրողութիւնը, որ նորահաս սերունդին մօտ ընթերցանութեան նահանջը մեր առջեւ կանգնած հիմնական մարտահրաւէր է: Ան հաստատեց, որ խիստ կարիքը կայ ընթերցանութեան վարակիչ մթնոլորտի եւ միջավայրի ստեղծման, որուն մէջ նորահաս սերունդներուն հետ առնչուող բոլոր կառոյցները, միութիւնները եւ անպայմա՛ն ընտանիքը մեծ դերակատարութիւն ունին:

Հաւաթեան յայտնեց, որ հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային հրատարակչատուներ, ինչպէս նաեւ մեծ  թիւով  անհատ գրողներ կը մասնակցին ցուցահանդէսին: Կան նոր հրատարակութիւններ, որոնք կու գան հարստացնելու այս ձեռնարկը:

Խօսելով աշակերտական մրցանքներուն մասին` Հաւաթեան յայտնեց, որ այս առիթով կազմակերպուած են միջդպրոցական գեղարուեստական ներկայացումներ, ընթերցանութեան` չորս լեզուներով եւ գիրքի պատրաստութեան մրցանքներ: Ան ըսաւ, թէ հրատարակչատան տնօրէնութիւնը ուղղակի կապի մէջ եղած է հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց հետ եւ ուրախ է յայտնելու, որ բոլորն ալ պատրաստակամութիւն  յայտնած ու գործակցութեան բարձր ոգի ցուցաբերած են: Կապ ստեղծուած է նաեւ օտար վարժարան յաճախող փոքրիկներու եւ պատանիներու հետ` անոնց ներկայութիւնը նաեւ ապահովելու համար:

Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնը, շարունակելով փոխանցել յաւելեալ մանրամասնութիւններ, յայտնեց, որ այս առիթով Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցաբար պատրաստուած է նաեւ հայերէնով եւ անգլերէնով հայկական տպագրութեան 500-ամեակին մասին հրատարակութիւն մը, որ իբրեւ նուէր պիտի տրամադրուի այցելու աշակերտներուն եւ ծնողներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք սատարած են այս ցուցահանդէսի եւ մրցանքներու կազմակերպման յաջողութեան:

Հաւաթեան ըսաւ. «Յոյսով ենք, որ մեր այս նախաձեռնութիւնը ունենայ իր ներդրումը հայ գիրքի նկատմամբ նոր հետաքրքրութիւն մը ծաւալելու, եւ այս իմաստով մենք կը վստահինք մեր կրթական հաստատութիւններուն եւ ծնողներուն անվերապահ գործակցութեան: Ուրախ ենք եւ հպարտ, որ այս տարի համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանը հռչակուած է գիրքի միջազգային մայրաքաղաք. այս առիթով տեղի պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ, որոնց մասնակից պիտի դառնայ նաեւ Համազգայինի հրատարակչատունը եւ գրատարածը: 2012 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ նաեւ յայտարարուած է «Հայ գիրքի տարի»: Այս հանգամանքները նկատի ունենալով`  վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդին համար այս տարին պիտի դառնայ հայ գիրքի վերարժեւորման կարեւոր հանգրուան մը, որովհետեւ կարելի չէ պատկերացնել մեր հոգեմտաւոր արժէքներու փոխանցումը սերունդէ սերունդ եւ այդ արժէքային համակարգի հարստացումը` առանց գիրք գրողին, այդ գիրքը տարածողին ու ընթերցողին:

«Մանկապատանեկան գրականութեան հարստացումը, նոր ու ժամանակակից գործերու հրատարակութիւնը եւ տարածումը կենսական ու հաւաքական պարտաւորութիւն է եւ բոլոր ժամանակներէ աւելի հրամայական անհրաժեշտութիւն:  Այս հանգամանքը կարեւոր է, ի շարս այլ նախադրեալներու` նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման հոլովոյթին մէջ: Ուրախ ենք, որ միշտ ալ գտնուած են եւ այսօր ալ կան այս գործին հաւատացողներ, որոնք քաջալեր ու նեցուկ կը հանդիսանան  հրատարակչական առաքելութեան: Բոլորի՛ն վարձքը կատար»:

Եզրափակելով իր խօսքը` Հաւաթեան հաստատեց, որ մանկապատանեկան գրականութեան հարստացումը Համազգայինի հրատարակչական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մաս կը կազմէ, եւ այս իմաստով հաստատութիւնը ճիգ չի խնայեր արդի ժամանակներուն հետ քայլ պահող հրատարակութիւններով հարստացնելու մեր մանկապատանեկան գրադարանը:

«Ազդակ» յառաջիկայ օրերուն կ՛անդրադառնայ այս ցուցահանդէսին եւ նոյն առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն ու մրցանքներուն:

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Մշակութային Ժամով Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան Կը Թելադրէ Վերամտածել Իսլամական Աշխարհին Մէջ Հայոց Փորձառութեան Պատմագրութեան Մասին

Յաջորդը

Լիբանանահայ Գեղանկարիչ Յովսէփ Գասպարեանի Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։