Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Մշակութային Ժամով Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան Կը Թելադրէ Վերամտածել Իսլամական Աշխարհին Մէջ Հայոց Փորձառութեան Պատմագրութեան Մասին

March 23, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանի նախաձեռնած «մշակութային ժամ»-ի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 22 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:

Համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, դասախօսներու, պատմագէտներու եւ մշակութասէր հանրութեան ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի պատասխանատու դասախօսներէն դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ համալսարանի կազմակերպած ամսական «մշակութային ժամ»-ի դասախօսն է փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով անոր կենսագրականը:

Նախքան այդ, դոկտ. Էքմեքճի անդրադարձաւ կարգ մը պատմագէտ պրպտողներու ուսումնասիրութեանց, ուր որոշ սխալ հասկացողութիւն մը կը տիրէ Միջին Արեւելքի մէջ հայ-իսլամական փոխյարաբերութեանց ծագման մասին: «Հայ-իսլամական յարաբերութիւնները ունին խոր արմատներ, որոնք կ՛երթան մինչեւ արաբական արշաւանքները», ընդգծեց դոկտ. Էքմեքճի` նշելով, որ փրոֆ. Տատոյեանի աշխատասիրութիւնը կու գայ «մեզ մղելու վերամտածելու Միջին Արեւելքի մէջ հայկական ներկայութեան պատմութեան մասին»:

Ապա, փրոֆ. Սեդա Տատոյեան ներկայացուց «Վերամտածել հայոց փորձառութիւնը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը: Անոր այս նիւթը կ՛անդրադառնայ իր վերջին աշխատութեան` «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխահին մէջ. Փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ Է.-ԺԴ. դարեր» գիրքին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած իր անգլերէն բանախօսութեան մէջ դոկտ. Տատոյեան հիմնաւորեալ օրինակներ թուեց միջնադարուն իսլամական աշխարհին մէջ կարգ մը հայերու, իմա` իսլամացած հայերու ունեցած ներգործօն դերակատարութիւնը: Ան նշեց, օրինակ, թէ իր պրպտումներէն ետք յայտնաբերած է եօթը հայուհիներու, իսլամացած հայուհիներու ներդրումը` իսլամական քաղաքական աշխարհի տարբեր հանգրուաններու ընթացքին: Նմանապէս Տատոյեան յիշեց Աբբասեան բանակի զօրավարներէն ծագումով հայ իսլամացած ղեկավարի մը` Ալի Իպն էլ Եահիա էլ Արմանիի պարագան: Ըստ փրոֆ. Տատոյեանի, նշեալ շրջանին բոլոր ծագումով հայ անձնաւորութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով դերակատար եղած են իսլամական աշխարհի քաղաքականութեան մէջ, կը յիշուին իրենց անուան վերջաւորութեան «Էլ Արմանի» («հայ») բառերուն յաւելումով:

Փրոֆ. Տատոյեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ միջնադարու իսլամական շրջանի հայոց փորձառութիւնը խորապէս չէ ուսումնասիրուած յատկապէս հայ պատմագէտներուն կողմէ: Ան խիստ կարեւոր նկատեց արաբերէնին տիրապետելը` դիտել տալով, որ իր աշխատութեան վերջաւորութեան 60 էջերէ բաղկացած աղբիւրներու ցանկին 80 առ հարիւրը կը կազմեն արաբերէն գիրքեր:

Փրոֆ. Տատոյեան իր պատմագրական իւրայատուկ ոճով, քննական առարկայական մտածողութեամբ նոր խորք եւ ուղղութիւն կու տայ արդի հայ պատմագրութեան: Հաւանաբար ոմանք, առաջին ունկնդրութեամբ չհամոզուին ու տարակուսին Տատոյեանի արծարծած գաղափարներուն տրամաբանութեան թէ ճշգրտութեան մասին: Տատոյեան «սպիտակ ու խաղաղ յեղափոխութիւն» մը կը կատարէ արդի հայ պատմագրութեան վերաբերող մօտեցումին ու մտածողութեան մէջ:

Երբ այսօր զարմանքով կը լսենք ու կը կարդանք իսլամացած համշէնահայերու մասին, փրոֆ. Տատոյեան արդէն բազմաթիւ օրինակներ յայտնաբերած է նման իսլամացած հայերու «երեւոյթ»-էն, Ֆաթիմեաններու, Աբբասեաններու թէ այլ իսլամական ու արաբական տիրապետութեանց շրջանին:

Խորքին մէջ, փրոֆ. Տատոյեանի այս վերջին  աշխատութիւնը, որ կը վերծանէ ու կը յայտնաբերէ միջնադարու հայոց պատմութեան մութ անկիւններուն մէջ թաղուած հայերու ներգործօն դերակատարութիւնը, մարտահրաւէր մըն է հայ պատմագէտներուն` նոյնքան ճշգրիտ հիմնաւորումներով փաստարկելու, ճոխացնելու եւ հարստացնելու այդ շրջանի հայոց պատմագրութիւնը: Այլ խօսքով, ինչպէս որ Տատոյեան ի՛նք կը հաստատէ, «նիւթը կայ, գործիքն է, զոր հարկ է փոխել»: «Հեկելէն ետք մարդիկ նոյն ձեւով չեն մտածեր», կ՛ընդգծէ Տատոյեան:

Հարկ է օգտագործել գիտական թէ արհեստագիտական նորագոյն գիւտերը` յաչս աշխարհին պարզելու հայոց երբեմնի իրագործումներն ու ներդրումը այս շրջանի պատմութեան մէջ:

Արդի հայ պատմագէտներուն կը մնայ թափանցել պատմագրութեան նոր ու ցարդ մեզի անյայտ ոլորտներ ու պարզել հայոց իրագործումները: Ու այդ մէկը, ինչպէս նշեց փրոֆ. Տատոյեան, կարելի չէ իրագործել մէկ գիշերուան ընթացքին: Այս մարզին մէջ ուշագրաւ է, օրինակ` քննական նման ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ թէեւ ունի յիշատակի իր խորհրդանշական օրը` ապրիլ 24-ը, բայց վստահաբար անիկա հետեւանք էր պատմութեան մէջ խոր արմատներ ունեցող ազդակներու եւ դրդապատճառներու, ինչպէս նշեց փրոֆ. Տատոյեան: Նոյնքան եւ կարեւոր է աշխարհագիտութեան մարզը, ուր դժբախտաբար հազուագիւտ են հայ աշխարհագիտութեան վերաբերող իրագործումները: Մտահոգութիւններ, արդար ու կարեւո՛ր մտահոգութիւններ, զորս արծարծեց փրոֆ. Տատոյեան եւ որոնք գլխաւոր մարտահրաւէր կը բանան ժամանակակից հայ պատմագէտներուն առջեւ:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Սննդականոնի Եւ Մարզանքի Կարեւորութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

«Մանկապատանեկան Գրականութեան Նոր Ու Ժամանակակից Գործերու Հրատարակութիւնը Եւ Տարածումը Կենսական Ու Հաւաքական Պարտաւորութիւն Է» Կը Հաստատէ Յակոբ Հաւաթեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։