ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 5000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է նոյնը: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.630.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.670.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.424.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 767.000 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու մասին Եւրոպական խորհրդարանին տուած որոշումը ամօթալի է` աւելցնելով, որ անիկա լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի որոշումը վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի մօտ կը գտնուի` աւելցնելով, որ տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը մշակուած է ու պատրաստ, սակայն ոչ ոք նպատակ ունի գործադրելու այդ ծրագիրը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու հարցը քննարկեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ եւ Պրազիլի դեսպաններ Ալեքսանտր Ռուտաքովի եւ Թարսիզիօ Քոսթի հետ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա ընդունեց նախկին երեսփոխան Իպրահիմ Ազարը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր հարցեր եւ իրադարձութիւններ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վերաբերող որեւէ ընտրանք մէկդի չեն դրած` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի առաջարկը պիտի յստականայ, երբ ան Լիբանանի յատուկ հնգակողմանի նիստին մասնակցի երկուշաբթի, 17 յուլիս 2023-ին, Տոհայի մէջ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ ցաւ եւ մտահոգութիւն յայտնեց սուրիացի գաղթականներու հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին առնչութեամբ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով մօտալուտ լուծումներ չկան: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ներկայիս կարեւորագոյն հարցը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի հարցն է, «իսկ բանակի հրամանատարութեան թղթածրարը օգոստոս ամիսէն ետք պիտի քննարկուի», յայտնեց Համատէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն զգուշացուց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը Լիբանանի հաշուոյն լուծելու հաւանականութենէն: Ան հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու բնակեցումը լարուած ռումբ է ինքնին եւ իր տեսակին մէջ վտանգի փողեր կը հնչեցնէ: «Միջին Արեւելքի մէջ անկարելի է խաղաղութիւն հաստատել, որովհետեւ պաղեստինցի գաղթականներն ու սուրիացի տեղահանուածները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ բնակեցնելու նպատակ գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի զլացումին դիմաց հաշուետուութիւնը պիտի ըլլայ պատմական, «իսկ մենք Լիբանանը սուրիացի տեղահանուածներէն պիտի ազատագրենք, նոյնիսկ եթէ աշխարհը մեզի դէմ լարուի», ըսաւ ան:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


