Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Շաքարախտի Դարմանումին Մասին Դասախօսութիւն

March 23, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 22 մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` շաքարախտի մասին:

Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք ներկայացուց օրուան բանախօս տոքթ. Էլիզապէթ Ապու Ժաուտէն եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

Տոքթ. Էլիզապէթ Ապու Ժաուտէ նկատել տուաւ, որ շաքարախտի հիւանդութիւնը զանազան պատճառներով հետզհետէ կ՛աւելնայ Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս` կենցաղի փոփոխութիւն եւ երկարակեցութիւն: Ան շեշտեց, որ շաքարի ախտաճանաչման չափանիշները աւելի խիստ են եւ չեն հիմնուիր միայն HBA1C-ի վրայ, որովհետեւ եթէ HBA1C-ն բնական է եւ շաքարը քանի մը առիթներով բարձր եղած է, բաւարար է, որ պարագան նկատուի շաքարախտաւոր:

Տոքթ. Ապու Ժաուտէ խօսեցաւ համեմատաբար նոր նիւթի մը մասին, որ շաքարախտի կանոնաւորման մէջ մեծ դեր ունի եւ կը կոչուի «Ինքրեթին», որ իր ազդեցութիւնը ունի ուղեղին, ստամոքսին եւ փանքրէասին վրայ` աւելցնելով, որ շատ կարեւոր է շաքարախտի դարմանումի պարագային, պէտք է խուսափիլ շաքարի նուազումի պարագաներէն, որոնք կրնան վտանգաւոր դառնալ: Ան յայտնեց, որ «Վիլտակլիփթին» դեղին առաւելութիւնը այն է, որ թէ՛ ազդեցիկ է եւ թէ՛ ալ դարմանումի ընթացքին շաքարի նուազումի պարագաներ չի յառաջացներ եւ այլ ազդեցութիւններէ զուրկ է, ինչպէս` ոտքի ուռեցք եւ կշիռքի յաւելում, որոնք յաճախ կը պատահին շաքարախտի դարմանումի ժամանակ: Դասախօսը նաեւ գործնական պարագաներ ներկայացուց շաքարախտի դարմանումներու: Քննարկում կատարուեցաւ ներկայ բժիշկներու հետ, որպէսզի տեսնեն, թէ իւրաքանչիւր պարագայի յարմարագոյն դարմանումը ո՛րն է:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 24 Մարտին Կը Սկսին Ֆայնըլ-Էյթի Դարձի Մրցումները

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Սննդականոնի Եւ Մարզանքի Կարեւորութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։