Ֆութպոլիստներու ամառնային փոխանցման ընթացքին, Չելսի կը մտադրէ առաջարկ մը ներկայացնել պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարին, եթէ ան որոշէ հեռանալ իր ակումբէն` Փարիզ Սեն Ժերմենէն:
Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանը ցարդ չէ կողմնորոշուած 31 տարեկան Նէյմարի ճակատագիրին գծով:
Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` մայրաքաղաքի կազմին հետ, իր աւարտին կը հասնի 2025-ի ամրան:


