Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Ի՞նչ Կայ Անունի Մը Մէջ

March 23, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ակնարկութիւնը կը վերաբերէր Շէյքսփիր մականունով լրագրողի մը:

Իրականութեան Մէջ` Շատ Բան. Ֆրանսայի Նախագահութեան Հասնելու Յոյսը Փայփայող Թեկնածուն Տարբեր Շէյքսփիրէ Մը Կը Կատարէ Մէջբերում Մը` Զայն Վերագրելով Անգլիացի Աշուղին: «Տի Ինտիփենտընթ» Կը Նկարագրէ Պատմական Խայտառակութիւնը…

Պահը կը յիշեցնէր Աճինքորթի ճակատամարտը, երբ 1415-ին Հենրի Ե. թագաւորին նիզակազէն բանակը վճռական պարտութեան մատնած էր ֆրանսացիները: Ֆրանսայի նախագահութեան ընկերվար թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ 20 հազար համակիրներու դիմաց կանգնած` կ՛արտասանէր կրքոտ ճառ մը` ներկայացնելով հանրապետութիւնը ղեկավարելու եւ զայն դէպի աւելի լաւ ապագայ մը առաջնորդելու իր կարողութիւնն ու հեռանկարները եւ յանկարծ կը մէջբերէր միակ գրագէտը… Շէյքսփի՛ր, որուն բառերը, իր կարծիքով, պիտի համապատասխանէին տուեալ առիթին կշիռին:

«Անոնք ձախողեցան,- կը յայտարարէր Հոլլանտ` ակնարկելով նախագահ Սարքոզիի վարչամեքենային,- որովհետեւ սկիզբէն չառաջնորդուեցան երազով մը»:

Թէեւ Հոլլանտի պայքարելու կոչը հաճելի թուեցաւ Փարիզի մօտակայ Լը Պուրժէ շրջանին մէջ անոր ընտրական հաւաքին ներկայ բազմութեան, սակայն մտմտուք պատճառեց դիտորդներու: Յաւելեալ պրպտումներ ի յայտ բերին, թէ անոր մէջբերումը գոյութիւն չունէր Շէյքսփիրի ամբողջ գրականութեան` թատրերգութիւններուն կամ հնչեակներուն մէջ: Թէեւ մէջբերումը, իրօք, կը պատկանէր Շէյքսփիրի, սակայն` ո՛չ Սթրաթֆորտի աշուղին, այլ` մերօրեայ բրիտանացի հեղինակ եւ գրաքննադատ Նիքըլըս Շէյքսփիրի:

Հոլլանտի մէջբերումին յաջորդ օրը Նիքըլըս Շէյքսփիր, որ ուղղակի սերած է աշուղին մեծ հօր մէկ շառաւիղէն, յայտարարեց, թէ պատիւ կը զգար, որ շփոթ մը ստեղծուած էր իր եւ իր բազմավաստակ նախահօր միջեւ: Ան նաեւ կատարած էր լուսաբանութիւն մը. Հոլլանտի մէջբերած խօսքը կը գտնուէր 1989-ին լոյս տեսած իր «Տը վիժըն աֆ Էլենա Սայլվզ» վէպին մէջ: Վէպը կը պատմէ մաոյական յեղափոխականի մը մասին, որ ի վերջոյ իբրեւ կռուող, մաս կը կազմէ Փերուի տխրահռչակ «Շայնինկ փեթ» (լուսաւոր ուղի) բիրտ շարժումին:

«Չհաւատացի աչքերուս, երբ տեսայ, թէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուն մէջբերում մը կը կատարէր ինձմէ,- կ՛ըսէ Շէյքսփիր, որ յանձնառու ֆրանսամէտ անձ մըն է:- Իրապէ՛ս ուրախ էի, որ այս խօսքը կը պահէր իր թարմութիւնը: Զայն կարելի է օգտագործել որեւէ պարունակի մէջ, եւ լաւ է, որ նաեւ կը կիրարկուի նախագահութեան ընտրապայքարի մը մէջ: Հարկ չկայ մարքսական ըլլալու` աւելի լաւ մարդկային ընկերութիւն մը ցանկալու համար»:

«Վէպին հերոսը կ՛ըսէ, թէ մարքսական վերջին յեղափոխութիւնը ձախողեցաւ 1960-ական տարիներուն, եւ թէ` պատճառը երազի մը չգոյութիւնն էր», կ՛աւելցնէ Նիքըլըս Շէյքսփիր:

Դէպի քաղաքական ձախ թեւը հակող ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթը, որ հրապարակած էր ամօթալի սխալին լուրը, կը շեշտէր, թէ Հոլլանտի ճառը շատ բան չէր կորսնցուցած իր ուժեղ ներգործութենէն, երբ թեկնածուն իր զէնքերը կ՛ուղղէր ներկայ վարչամեքենային դէմ: Փոխանակ Հոլլանտի խորհուրդ տալու, որ ան այսուհետեւ կառչէր Պալզաքի կամ Մոլիեռի, երբ հռետորական շեշտերու կարիքը զգար, թերթը պարզապէս կը նշէր. «Սխալ մէջբերումը չի պակսեցներ Հոլլանտի ճառին որակն ու կշիռը, այլ անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ համացանցէն մէջբերումներ կատարելու վտանգները»:

Սխալը շատ աւելի զարմանալի է, որովհետեւ Նիքըլըս Շէյքսփիրի վերոնշեալ վէպը միայն համեստ յաջողութիւն մը արձանագրած է Ֆրանսայի մէջ, երբ 1991-ին հրատարակուած է ֆրանսերէնով: Այժմ հեղինակը կը յուսայ, որ անոր վայելած նոր հռչակը առիթ տայ վերահրատարակութեան:

Հարցախոյզերու համաձայն, 57 տարեկան Հոլլանտ 4 կէտով կը գերազանցէ Սարքոզին…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Ինչպէ՞ս Գրել Շէյքսփիրի Պէս

Յաջորդը

«Հայ Գիրքի Տարուան» Ընդառաջ. Կասեցնելու Համար Հայ Գիրքի Մահաբոյր Նահանջը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։