Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռացած սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Խէա, որ ներկայիս որեւէ ակումբի մաս չի կազմեր, առաջարկ մը ստացած է Սէուտական Արաբիոյ փոխախոյեան Նասըրէն, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Արաբական ակումբը 32 տարեկան բերդապահին առաջարկած է տարեկան 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, մինչ ան մանչեսթըրեան ակումբէն կը ստանար 23 միլիոն եւրօ:
2009-2011 ժամանակամիջոցին սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմած Տէ Խէա յուլիս 2011-ին միացած էր Մանչեսթըր Եունայթըտին:


