Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. «Թու Պի Օր Նաթ Թու Պի» Կամ` Արդեօք «Թըհ Պեհ Օար Նաթ Թըհ Պէ՞հ», Ա՛յս Էր Հարցումը…

March 23, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

… Հիմնականօրէն Տարբեր Հնչիւնաբանութիւնը Տպագրական Սխալ Մը Չէ: Աւելի՛ն. Մոռցէ՛ք Շէյքսփիրի Մեծագոյն Մեկնաբան Լորանս Օլիվիէի Յղկուած Հնչերանգները: Գիտական Նորագոյն Ուսումնասիրութիւններէ Ետք Շէյքսփիրի Գործերուն Իւրայատուկ Մէկ Ձայնագրութիւնը Շատ Աւելի Մօտ Է Թատերագիրին Ապրած Ժամանակներուն Հնչած «Ռամիկ» Անգլերէնին: «Տի Ինտիփենտընթ» Կը Ներկայացնէ Զարմանալի Յայտնաբերումը.

«Թու պի օր նաթ թու պի, տեթ իզ տը քուեսչըն» կամ արդեօք «թըհ պեհ օար նաթ թըհ պե՞հ» (ըլլալ թէ չըլլալ, ա՛յս է հարցումը): Եթէ զայն պիտի ուղղէինք նոյնինքն աշուղին, հաւանաբար ան պիտի պատասխանէր, թէ ճիշդը երկրորդն էր:

Գիտական ուսումնասիրութիւններու հիմամբ պատրաստուած Շէյքսփիրի գործերուն մէկ նոր ձայնագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ արմատապէս տարբեր այս հնչիւնաբանութիւնը շատ աւելի մօտ է այն անգլերէնին, որ պիտի հնչէր անոր թատերախումբին դերասաններուն շրթներէն, երբ 400 տարի առաջ անոնք առաջին անգամ կ՛արտասանէին Համլեթի խօսքերը:

Շատ աւելի հեռու` յղկուած եւ հպարտօրէն արտաբերուած այն  ձայնաւորներէն, զորս վարժուած ենք լսել հազարաւոր դերասաններէ, սկսեալ` Լորանս Օլիվիէէն, «իրական» Շէյքսփիրը շատ հաւանաբար կը հնչէր Անգլիոյ հարաւարեւմտեան շրջաններուն մէջ մշակի մը խօսած  այսօրուան անգլերէնին պէս, իրլանտերէնի  յաւելեալ երանգով մը, նոյնիսկ յիշեցնելով Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ լսուող անգլերէնը:

«Մարդիկ երկրին տարբեր կողմերէն կու գային Էլիզապէթեան ժամանակներու Լոնտոնը, եւ անոնց հնչերանգները կը միախառնուէին,- կը բացատրէ դերասան, բեմադրիչ եւ Շէյքսփիրի բուն հնչիւնաբանութեան մասնագէտ Պեն Քրիսթըլ:- Շէյքսփիրի ժամանակներէն ոչ շատ ուշ մարդիկ սկսան նաւերով Ամերիկա ուղղուիլ եւ ապա` Աւստրալիա: Այս շրջաններուն մէջ արդի ժամանակներու կարգ մը հնչերանգներ կը յիշեցնեն նոյն այն ձայները, որոնք պիտի հնչէին Շէյքսփիրի ժամանակակիցներուն շրթներէն»:

Նախապէս փորձեր կատարուած են վերստեղծելու Շէյքսփիրի բուն հնչերանգները, մասնաւորաբար` Լոնտոնի «Տը Կլոպ» թատերասրահին մէջ, նաեւ` Ռընոյի (Նեւատա) մէջ Համլեթի մէկ կատարումին առիթով, ուր գլխաւոր տիպարը կը մարմնաւորէր Պեն Քրիսթըլ, Տեւոնի մէջ աշխատող մշակի մը շեշտերով արտասանելով բառերը: Այժմ ան իր հօր` լեզուագէտ Տէյվիտ Քրիսթըլի հետ  Բրիտանական գրադարանին համար պատրաստած է Շէյքսփիրի թատրերգութիւններուն ամէնէն հռչակաւոր ճառերուն եւ հնչեակներուն ձայնագրութիւնը, բոլորը` սկզբնական հնչիւնաբանութեամբ:

Արդիւնքը շատ աւելի պիրկ Շէյքսփիր մըն է, որ կը հնչէ աւելի կոշտ, սակայն` շատ աւելի մօտ սովորական մարդուն, քան ինչ որ վարժուած ենք լսել: Այսպէս, «Ռոմէօ՜, Ռոմէօ՜» բացագանչութիւնը կը վերածուի «Ռոհմ-իօ, Ռոհմ-իօ»-ի, յիշեցնելով երկու կարճ վանկեր, նման` «Տը լորտ աֆ տը ռինկզ» ժապաւէնին մէջ Սեմ Կամկիի «Ֆրոտօ, Ֆրոտօ» բացագանչութեան: «Հենրի Ե.» թատրերգութեան մէջ «ուանս մոր անթու տը պրիչ» (անգամ մը եւս դէպի ճեղքը)» տողը կը հնչէ «օնս մոար ան-թահ թահ պրայչ»-ի պէս, իսկ երբ մտածենք, թէ Հենրի թագաւորը այս տողը կ՛ուղղէր երեւակայական բանակի մը, ապա կը պատկերացնենք, թէ անոր ձայնը կ՛որոտար գինետան մը մէջ հարբած գինովի մը պէս եւ ոչ թէ` Օլիվիէի մարմնաւորած գերազանցապէս մշակուած ազնուական խաւի յատուկ տիպարին, զոր կը տեսնենք 1944-ին հրապարակուած անոր ժապաւէնին մէջ:

Սկզբնական այս հնչիւնաբանութիւնը նաեւ առիթ կու տայ լեզուին արագ հոսքին: Քրիսթըլի ձայնագրութեան մէջ, ուր «Համլեթ» աւելի չէ կրճատուած, քան` մեզի ծանօթ որեւէ արտադրութեան, թատրերգութիւնը շուրջ կէս ժամ աւելի կարճ է: «Երբ կը լսենք Շէյքսփիրի առնչուող սկզբնական հնչիւնաբանութիւնը, մուտք կը գործենք լսողական բոլորովին նոր աշխարհ մը,- կը բացատրէ Տէյվիտ Քրիսթըլ:- Կշռոյթներ, որոնք տեղ չունին արդի անգլերէնին մէջ, յանկարծ հեզասահ կը հնչեն: Արդի անգլերէնին մէջ անհասկնալի բառախաղեր կը յստականան»:

Հայր եւ որդի Քրիսթըլները «95 առ հարիւր» վստահ են իրենց յայտնաբերած մօտեցումին: Անոնք իբրեւ աղբիւր գործածած են հնամենի ուղղագրական ձեւեր, որոնք կիրարկուած են Շէյքսփիրի առաջին ձեռագիրներու գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ` քերականութեան շատ հին գիրք մը, զոր գրի առած է Շէյքսփիրի ժամանակակից Պեն Ճոնսըն: Այս աղբիւրներէն մեկնած` անոնք յաջողած են գտնել Շէյքսփիրի թատրերգութիւններուն ձայնային հնչերանգները եւ բանաստեղծութիւններուն յատուկ կշռոյթներն եւ հանգաւորումները:

Հանգեր, որոնք չեն համապատասխաներ արդի անգլերէնին, ինչպէս` «լաւ» (սէր) եւ «փրուվ» (փաստել), մտածել կու տան աւելի հին հնչիւնաբանութեան մը մասին: Ինչպէս Պեն Քրիսթըլ կը նկարագրէ` «Էլվիս Փրեսլիէն առաջ ոչ ոք երկարած է «լաւ» բառին ձայնաւորը»: Այլ խօսքով` «փրուվ-»ն է, որ կ՛որոշէ հանգը: Հետեւաբար Շէյքսփիրի սէրը կը հնչէր «լուվ»-ի պէս:

(Յապաւուած)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 23 մարտ 1962 )

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Ինչպէ՞ս Գրել Շէյքսփիրի Պէս

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։