Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Միրանեան հեռացաւ իր ակումբէն` Ալաշկերտէն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ այս տարի միացաւ Ալաշկերտին` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, լքեց իր կազմը:
Միրանեան, որ Շախտիոր Տոնեցքի սան է նախապէս մաս կազմած է ուքրանական այս ակումբին 17 եւ 19 տարեկանէն վար խումբերուն:
Ան նաեւ մաս կազմած է Ուքրանիոյ 17, 18 եւ 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերուն, որոնց անցեալի մարզիչը եղած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած մարզիչը` ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքով:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ Վարտարին (Մակեդոնիա), Փիւնիկ Երեւանին եւ Ուրարտուին:


