Նախանցեալ օր Վրաստանի մէջ գտնուող «Պաթումի Արենա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «ԵՒՐՕ-2023»-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Սպանիա:
Քրթիս Ճոնզի (45+4-րդ) նշանակած կոլին շնորհիւ, Անգլիա արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ տիրացաւ տիտղոսին:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+9-րդ), օրուան նորվեկիացի իրաւարարը` Էսփեն Էսքաաս, Սպանիոյ ի նպաստ սուլեց փենալթի մը, սակայն Մանչեսթըր Սիթիի բերդապահ Ճէյմս Թրեֆորտ, զսպեց Ատել Ռուիզի հարուածած փենալթին:
Այսպիսով, Անգլիա երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր, մինչ Սպանիա տիտղոսին տիրացած է հինգ անգամ:


