Փիւնիկի ակադեմիայի մարզչական խմբակին մէջ 2023-2024 տարեշրջանէն առաջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ եւ համալրումներ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ռոման Սիմոնեանի փոխարէն խումբը գլխաւորեց Դաւիթ Գրիգորեան, որ մինչ այդ կը մարզէր Փիւնիկ-2007-ի Ա. խումբը:
Նախորդ տարեշրջանին Գրիգորեան Հայաստանի 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան հանդիսացաւ Բ. խումբի ախոյեան, ինչպէս նաեւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած մանկապատանեկան մրցաշարքի փոխախոյեան:
40 տարեկան մասնագէտին օգնականները պիտի ըլլան Յովհաննէս Բարբարեան եւ Ստեփան Յարութիւնեան, մինչ ակադեմիայի բերդապահներու մարզիչը պիտի շարունակէ մնալ Վլատիմիր Վարդանեան:


