Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչ Մոհամետ Պաասիրի:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Պըրրի ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Աման. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:


