Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կ՛ողջունէ Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով աւագ խորհրդական Մարթին Սեմփսընի Պէյրութ կատարած երկօրեայ այցելութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Նաքուրայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Սեմփսըն մասնակցած է Մեծն Բրիտանիոյ դրօշը բարձրացնելու պաշտօնական արարողութեան` իբրեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ներդրում ունեցող երկիր:
Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ ցարդ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմած են 10.101 զինուորներ:
Դեսպանատան հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Սեմփսըն այցելած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:
Սեմփսընի ընկերակցած են դեսպանատան գործակատար Քամիլա Նիքլիսն ու զինուորական կցորդ Լի Սոնտըրզը:
Այցելութիւններու աւարտին Նիքլիս յայտնած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Մեծն Բրիտանիոյ մասնակցութիւնը կարեւոր կը նկատուի Լիբանանի ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան համար:
Ան հաստատած է, որ Մեծն Բրիտանիա ամբողջական կերպով կը զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Նիքլիս շեշտած է, որ Սեմփսընի Լիբանան այցելութիւնը կը խորհրդանշէ լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ օժանդակելու Մեծն Բրիտանիոյ մնայուն ընթացքը:
Իր կարգին, Սեմփսըն հաստատած է, որ Մեծն Բրիտանիա հպարտ է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելով, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ Մեծն Բրիտանիա պիտի մնայ բարեկամ ու դաշնակից` լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բանակին:


