Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրները յուզող տարբեր խնդիրներ:
Պուխարիի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի:
Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական բեմը յուզող հիմնահարցերը, մասնաւորաբար` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի նշեց, որ Պուխարիին ներկայացուցած է ընդդիմադիր երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութեան Պերլին այցելութեան արդիւնքները:
«Պուխարի վերահաստատեց Սէուտական Արաբիոյ պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն», ըսաւ Մախզումի:


