Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ Աթէնքի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբական-յունական խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Միջերկրականի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներուն միջեւ բարգաւաճման իմաստով իրարու ամբողջացնելու իրականութիւնը նոր եւ խոստմնալից հորիզոններ կը բանայ փորձառութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ ծովային փոխադրութեան մարզին մէջ ներդրումի առիթներ ստեղծելու:
Ան հաստատեց, որ այս իրողութիւնը կը պարտադրէ մեզի, որ մեր նաւահանգիստները ատակ ըլլան պարտադիր անցքեր դառնալու:
«Այս շրջագիծին մէջ, Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման ծրագիրին պայմանագիրը միջազգային լաւագոյն չափանիշները կ՛ամբողջացնէ», ըսաւ ան` ողջունելով առեւտրական եւ զբօսաշրջային մարզերուն մէջ կատարուած բոլոր ներդրումները:
Համիէ կոչ ուղղեց յունական ընկերութիւններուն մասնակցելու Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման ծրագիրներուն:


