Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի պասքեթպոլի պատանեկան հաւաքականները Օլիմփիաւանի մէջ սկսան ուսումնամարզական հաւաքի:
Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով յատուկ պատրաստութիւն սկսան տեսնել մանաւանդ տղոց եւ աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականները:
Տղոց 16 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. դասակարգի Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ալպանիան, Կիպրոսը, Սան Մարինոն եւ Ազրպէյճանը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 19-27 յուլիսին, Քոսովոյի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականին, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, 18-23 յուլիսին Անտորրայի մէջ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վրաստանը, Մալթան եւ Ճիպրալթարը:
Վերջապէս, աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ յայտնուեցաւ Գ. դասակարգի Բ. խմբակին մէջ, 1-6 օգոստոսին Ալպանիոյ մէջ պիտի մրցի Մոլտովայի, Քոսովոյի եւ Ալպանիոյ դէմ:


