Վրաստանի Պաթում քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Պաթումի Միւնիսիփալիթի Քափ-2023» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 43 ճատրակ խաղացողներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ա. դասակարգին մէջ միանձնեայ յառաջատարն է Էրիկ Յակոբեան, որ ապահոված է 3,5 կէտ:
Իսկ 3-ական կէտ ապահոված են Սարգիս Մանուկեան եւ Հայկ Երիցեան:
Բ. դասակարգին մէջ յառաջատարներու կարգին է Էտկար Հայրապետեան, որ ապահոված է 3,5 կէտ:
Գ. դասակարգին մէջ, իր կարգին յառաջատարներու կարգին է 10 տարեկան Գոռ Դաբաղեան, որ ապահոված է 3,5 կէտ:
Իսկ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ յառաջատարն է Մարկ Գէորգեան, որ ապահոված է առաւելագոյն 4 կէտը:


