Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան հեռացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Արարատէն:
Արարատի եւ ֆութպոլիստին միջեւ ստորագրուած պայմանագրութիւնը հասաւ իր աւարտին, եւ կողմերը զայն չերկարաձգեցին:
Արարատ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլիստին` խումբին հետ իր ունեցած ելոյթներուն համար, եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` ապագայի իր ասպարէզին շարունակման գծով:


