Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ սպանացի 32 տարեկան յետսապահ Ինիկօ Մարթինես իբրեւ ազատ մարզիկ միացաւ խումբին` անոր հետ ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, մինչ անոր հրաժարագինը սահմանուեցաւ 400 միլիոն եւրոյով:
Անոր պայմանագրութիւնը Աթլեթիք Պիլպաոյի հետ աւարտեցաւ նախորդ 30 յունիսին:
Մարթինես, որ նախապէս մաս կազմած է նաեւ Ռէալ Սոսիետատի, նախորդ տարեշրջանին 18 մրցումի ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց 2 էսիսթ:
Նշենք, որ ան Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է 20 անգամ:


