Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Յանձնառու Կը Մնանք Հըզպալլայի Եւ Լիբանանեան Որեւէ Բաղկացուցիչի Հետ Փոխըմբռնում Գոյացնելու»

June 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանքի Պաապտայի խորհուրդի դռնփակ հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Ալեն Աուն, նախկին երեսփոխան Նաժի Ղարիոս եւ կուսակցութեան պատասխանատուներ:

Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ կարելի չէ վարուիլ այնպէս մը, որ ան գործընկեր չէ, եւ աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ ոքի հետեւորդ է:

Ան նշեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւններուն պատճառով իրենց վրայ պատժամիջոցներ պարտադրուեցան` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն շարունակեց իր դաշինքը Հըզպալլայի եւ անուղղակիօրէն նաեւ Ամալ շարժումի հետ, ինչ որ պատճառ դարձաւ իր ժողովրդականութեան նուազումին:

«Սակայն մենք փոխըմբռնումի համաձայնագիրին սկզբունքով շարունակեցինք մեր ընթացքը` հաւատալով Լիբանանի միասնականութեան պահպանումին եւ ազգային համագործակցութեան իրականացման:

Երկրին դիմագրաւած քայքայումի այս փուլին ընթացքին անկարելի է ընդունիլ ազգային համագործակցութեան վտանգումը», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը փափաքի երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն խօսակից դառնալ` շեշտելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը քարացած ու փակ գաղափարաբանութեան կուսակցութիւն չէ, այլ` յառաջդիմութեան ու բարգաւաճումի կուսակցութիւն է:

Պասիլ վերահաստատեց, որ իրենք երկրին հանրապետութեան նախագահ չեն պարտադրած, չեն արտօնած, որ կառավարութիւնը իր հակակշիռին տակ առնէ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ դասալքութեամբ չեն ամբաստանած քաղաքացիները: «Հակառակ մեզի պատահած այս բոլոր հարցերուն ու փորձանքներուն, յանձնառու կը մնանք Հըզպալլայի եւ լիբանանեան որեւէ բաղկացուցիչի հետ փոխըմբռնում գոյացնելու», ընդգծեց ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքը քաղաքական իր որոշումը արտաքին ոչ մէկ երկրի հետ կը կապէ, ինչպէս նաեւ սպառնալիքներէն չի վախնար: «Այս երկրին մէջ կա՛մ գործընկերներ կ՛ըլլանք եւ ազատ կ՛ըլլանք, կա՛մ ալ չենք ըլլար», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ժահժահ Կառավարութեան. «Որեւէ Ուշացում Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածները Բնակեցնելու Մեղսակցութիւն Պիտի Նկատուի»

Յաջորդը

Հըզպալլա Վար Առաւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.