Հայաստանի Մուայ-Թայի հաւաքականի անդամ, 60 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Նարեկ Խաչիկեան նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին` եւրոպական երրորդ խաղերուն ընթացքին:
Իր կատարած մրցումին, հայրենի մարզիկը նաք աութի ենթարկելով գերմանացի իր մրցակիցը` Ֆիլիփ Լէոն Պալպախը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Խաչիկեան, որ իր մրցումները կը կատարէ մարզիչներ Գոռ Գէորգեանի եւ Կարէն Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ, կիսաւարտականին պիտի մրցի պելճիքացի մարզիկի մը դէմ:
Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, ան պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, մինչ պարտութեան մը պարագային պիտի տիրանայ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Լիւսի Տէր Դաւթեան (63,5 քկ), Արմէն Գրիգորեան (71 քկ) եւ Գոռ Սարգսեան (67 քկ) պարտութիւն կրելով իրենց կատարած մրցումներուն ընթացքին, իրենց ելոյթները չյաջողեցան շարունակել:


