10 յուլիսին Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը, մրցում մը ունի կատարելիք Աբխազիոյ դէմ, անկախ ֆութպոլի ֆետերասիոններու («ՔՈՆԻՖԱ») աշխարհի ախոյեանութեան Եւրոպայի գօտիի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այս մրցումը, տեղի պիտի ունենայ Սոխումի «Տինամօ» մարզադաշտին մէջ:
Անդրադառնալով այս մրցումին կայացման մանրամասնութիւններուն` Արցախի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Մհեր Աւանեսեան յայտնեց, որ հաւաքականը իր լուրջ պատրաստութիւնները կը տեսնէ այս գծով:
«Ամէնօրեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան երկու փորձեր` 28 արցախցի ֆութպոլիստներու մասնակցութեամբ:
«Միակ հարցը, որ գոյութիւն ունի, այդ ալ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն է, բայց կը հաւատանք, որ մինչեւ մրցումին կայացման ժամանակը հասնիլը, ճամբան կը բացուի», ըսաւ Աւանեսեան:
Նշենք, որ չճանչցուած պետութիւններու աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2024-ին` Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանին մէջ:


